image

Էրտողան յայտարարած է կառավարութեան նոր կազմը

Էրտողան յայտարարած է կառավարութեան նոր կազմը

Էրտողան յայտարարած է կառավարութեան նոր կազմի անդամներու անունները։

Երկրի փոխնախագահ նշանակուած է Ճեվտէթ Եըլմազը: Մեւլութ Չաւուշօղլուին Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին կը փոխարինէ Արտաքին հետախուզական կազմակերպութեան (MİT) ղեկավար Հաքան Ֆիտան։

Հուլուսի Աքարին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին կը փոխարինէ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Եաշար Կիւլէր։

Սուլէյման Սոյլուին ներքին գործոց նախարարի պաշտօնին կը փոխարինէ Սթամպուլի նահանգապետ Ալի Երլիկաիան։