Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան հաստատած է ՆԱԹՕ-ին Ֆինլանտայի անդամակցութեան արձանագրութիւնը։
Անոր ստորագրած օրէնքի բովանդակութիւնը հրապարակուած է Resmi Gazete պաշտօնական հրապարակման մէջ։
Թուրքիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է Հիւսիսատլանտեան դաշինքին Ֆինլանտայի անդամակցութեան մասին յայտին։