image

Էրտողան շտապած է խորհրդարան. Իշխանութիւնները կը խօսին «յեղաշրջման մը» փորձին մասին

Էրտողան շտապած է խորհրդարան. Իշխանութիւնները կը խօսին «յեղաշրջման մը» փորձին մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, իրաւապահ մարմիններուն մէջ կառավարութեան դէմ դաւադրութեան մասին տեղեկութիւններու լոյսին տակ, ներկայացած է խորհրդարան՝ իր կուսակցութեան նիստին:

Էրտողան դահլիճ մտած է իր կողմնակիցներու բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ։ Ան ըսած է, որ իշխանութիւնները քաջատեղեակ են՝ որոնք են «խամաճիկավարները»:

Աւելի վաղ Turkiye թերթը յայտնած էր, որ գիշերը Էրտողանն արտակարգ խորհրդակցութիւն ունեցած է հետախուզութեան եւ արդարադատութեան նախարարութեան ղեկավարներու հետ։ Պատճառը Էրտողանի դաշնակից, «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ Տէվլեթ Պահչելիի կողմէ հնարաւոր յեղաշրջման փորձի մասին նախազգուշացումն էր։

Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Ալի Էրլիքաիան յայտարարած է, որ մտադիր է բացայայտել իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի դէմ աշխատող կառոյցները, որ անոնք ներկայանան դատարան՝ խոստանալով բաժնեկցիլ հետաքննութեան արդիւնքներով։

Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Անգարայի անվտանգութեան տնօրինութեան քանի մը աշխատակիցներու հեռացումը։ Անոնց մեղադրած են Այխան Պորա Քափլան յանցաւոր կազմակերպութեան հետ կապ ունենալու մէջ, անոնց տուները խուզարկած են։ Ըստ Պահչելիի՝ սա կրնայ դաւադրութիւն ըլլալ իշխանութիւններու դէմ, հետեւաբար, ըստ անոր, այդ կարելի չէ ընել միայն քանի մը ոստիկաններու հեռացմամբ։