image

ԱՄՆ իշխանութիւնները նոր պատժամիջոցներ սահմանած են Իրանի դէմ

ԱՄՆ իշխանութիւնները նոր պատժամիջոցներ սահմանած են Իրանի դէմ

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները 14 լցանաւ աւելցուցած են Իրանի հետ կապուած պատժամիջոցային ցուցակներուն մէջ՝ յայտնած են ԱՄՆ ֆինանսներու նախարարութենէն:

Սահմանափակումներ կիրառուած են նաեւ 15 ընկերութեան դէմ, այդ շարքին՝ Թուրքիայէն, ԱՄԷ-էն եւ Չինաստանէն, ինչպէս նաեւ երկու ֆիզիքական անձի։ 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ պատժամիջոցները կապուած են իրանական նաւթի, նաւթամթերքի ապօրինի առեւտուրի հետ: Սահմանափակող միջոցները կիրառուած են Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցային գործընթացի լոյսին տակ։ 

Աւելի վաղ Օմանի մայրաքաղաքին մէջ աւարտած էր բանակցութիւններու հերթական փուլը։ Իրանի ԱԳ նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուած է շարունակելու բանակցութիւնները։ Անոր խօսքով՝ խորհրդակցութիւնները աշխուժ եղած են։