image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան պիտի կարողանա՞յ պահել իր իշխանութիւնը. Foreign Policy-ի անդրադարձը

Էրտողան պիտի կարողանա՞յ պահել իր իշխանութիւնը. Foreign Policy-ի անդրադարձը

Ամերիկեան «Foreign Policy» ամսագրին մէջ տեղ գտած վերլուծական յօդուածի մը մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան հիւանդ է եւ պիտի չկարենայ շարունակել կառավարել երկիրը։

«Նախքան 2023 թուականը Էրտողան իսկապէս կրնայ անզօր ըլլալ, սակայն իրավիճակը այնպէս չէ, ինչպէս կը մտածեն շատերը։ Նշաններ կան այն մասին, որ Էրտողան կրնայ հիւանդ ըլլալ այն աստիճան, որ այլեւս չկարենայ թեկնածութիւն առաջադրել նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու համար», նշած են յօդուածի հեղինակներ Սթիվըն Քուքը եւ Էնրիքօ Մատէն։

Յօդուածին մէջ անոնք վերլուծած են վերջին ամիսներուն համացանցի վրայ հրապարակուած տեսանիւթերը, որոնց մէջ Էրտողանը աստիճանները բարձրացած ժամանակ կը դիմէ կնոջ օգնութեան, դժուարութեամբ կը քալէ կամ կը խօսի։

«Տեսանիւթերը միասին քննելով Էրտողանի առողջական վիճակին հետ կապուած որոշ պարզ հարցեր կը յառաջանան», նշուած է յօդուածին մէջ։ Բացի այդ, կանխատեսումներ կատարուած է նաեւ «յետէրտողանական» Թուրքիոյ վերաբերեալ։

«Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան անդամներ Սթամպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն, Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եավաշը, ինչպէս նաեւ «Լաւ» կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշեները դիտարկուած են որպէս Էրդողանի առաջնորդած «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան յաջորդ նախագահի թեկնածուի գլխաւոր մրցակիցներ։ Իսկ որպէս ԱԶԿ-ի հաւանական թեկնածուներ՝ նշուած են Թուրքիոյ Ազգային հետախուզութեան կազմակերպութեան (MİT) ղեկավար Հաքան Ֆիտանի, ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլույի անունները։