image

Էրտողան լաւատես է Հանրապետականներու յաղթանակով

Էրտողան լաւատես է Հանրապետականներու յաղթանակով

F-16 ինքնաթիռներ գնելու հարցով Թուրքիոյ համար «շատ աւելի հեշտ է», եթէ հանրապետականներն ի վերջոյ վերահսկեն ԱՄՆ-ի Սենատը, շաբաթ օր յայտարարած է երկրի նախագահ՝ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, գրած է Reuters:

Գործակալութիւնը մանրամասնած է, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան հոկտեմբերին խնդրած էր գնել 40 Lockheed Martin Corp (LMT.N) F-16 կործանիչներ եւ մօտ 80 արդիականացման հաւաքածոներ իր գործող ռազմական ինքնաթիռներու համար.  երկու կողմերու միջեւ տեխնիկական բանակցութիւնները կը շարունակուին:

Ցանկացած վերջնական վաճառք պէտք է հաստատէ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը, սակայն այժմ Անգարայի համար որոշ խոչընդոտներ կան՝ հաշուի առնելով թուրք-ամերիկեան երբեմն լարուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ որոշ ամերիկացի օրէնսդիրներու թերահաւատութիւնը:

«Իմ յոյսն այն է, որ յաջորդ ամիս լցուած ըլլայ լաւ նորութիւններով, եւ մենք առաջընթաց կ'արձանագրենք F-16-ի հարցով շատ դրական ուղղութեամբ: Եթէ հանրապետականները ստանան Սենատի մէջ իրենց անհրաժեշտ քանի մը տեղերը (դառնալով մեծամասնութիւն-Խմբ.), մեզի համար ամէն ինչ շատ աւելի հեշտ կ'ըլլայ», - ըսած է Էրտողան:

Յիշեցնենք, որ 8 նոյեմբերին ԱՄՆ-ի մէջ կայացած են Քոնկրէսի միջանկեալ ընտրութիւնները: