image

Ռուսական «Կազփրոմ» եւ թրքական «BOTAŞ» պիտի շարունակեն գործակցութիւնը

Ռուսական «Կազփրոմ» եւ թրքական «BOTAŞ»  պիտի շարունակեն գործակցութիւնը

Ռուսական «Կազփրոմ» եւ թրքական «BOTAŞ» ընկերութիւնները երեք տարիով երկարաձգած են Թուրքիա բնական կազի մատակարարման պայմանագիրը՝ պահպանելով ներկայիս ծաւալներն ու պայմանները։

Այս մասին, Իսթանպուլի մէջ ռուս-թրքական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի շրջածիրէն ներս յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանդր Նովաք՝ կը հաղորդէ «Deutsche Welle»ն։

Կողմերը նաեւ համաձայնութեան եկած են Թուրքիա հեղուկացուած բնական կազ մատակարարելու շուրջ՝ ռուսական «Նովաթէք» ընկերութեան միջոցով։