image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան կը խօսի նոր սահմանադրութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան մասին

Էրտողան կը խօսի նոր սահմանադրութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ երկրի նոր Սահմանադրութեան շուրջ քննարկումներ սկսելու ժամանակն է, կը յայտնէ RIA Novosti-ն։

«Հաւանաբար, եկեր է ժամանակը՝ կրկին քննարկում սկսելու նոր Սահմանադրութեան շուրջ։ Շուտով մենք հանրութեան կը ներկայացնենք բարեփոխումներու նոր փաթեթի փիլիսոփայութեան, նպատակներու եւ յանձնարարութիւններու մասին տեղեկութիւններ։ Եթէ այդ թեմայով համաձայնութեան հասնինք (իշխող) «Ժողովրդական դաշինքի» հետ, ապա առաջիկային պիտի սկսինք աշխատիլ նոր Սահմանադրութեան վրայ, պիտի սկսինք քայլ ընել խորհրդարանին մէջ օրէնսդրութեան ուղղութեամբ, եւ նախագահի վարչակազմին մէջ՝ վարչական գործառոյթներու հետ կապուած»,-ըսած է Էրտողանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ։

Ան չէ յստակեցուցած, թէ ճիշդ ինչը կը ծրագրուի փոխել Սահմանադրութեան մէջ։

2017 թուականի ապրիլին Թուրքիոյ մէջ կայացած է սահմանադրական հանրաքուէ՝ խորհրդարանական կառավարման ձեւէն նախագահականի անցման վերաբերեալ։ Հանրաքուէն աւարտած է կառավարման ձեւի փոխման կողմնակիցներու յաղթանակով՝ աննշան առաւելութեամբ։