image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ-ի մեր մասնակցութիւնը լրջագոյն խոչընդոտ էր միջազգային շուկային հասանելիութիւն ունենալու համար. Նիկոլ Փաշինեան

ՀԱՊԿ-ի մեր մասնակցութիւնը լրջագոյն խոչընդոտ էր միջազգային շուկային հասանելիութիւն ունենալու համար. Նիկոլ Փաշինեան

Պարզուեցաւ, որ շատ պարագաներու կարիք չկայ, որ մենք երթանք ու դուռեր ծեծենք: Պաշտպանական սպառազինութեան ամբողջ համաշխարհային շուկան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջ բացուած է: Չեմ ուզեր թաքցնել, այդտեղ կայ երկրորդ նրբութիւնը՝ որ կապուած էր ՀԱՊԿ-ի հետ: ՀԱՊԿ-ի մեր մասնակցութիւնը լրջագոյն խոչընդոտ էր միջազգային շուկային հասանելիութիւն ունենալու համար: Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ «Հայաստանը եւ խաղաղութիւնը ռիսկերի խաչմերուկում» խորագրով քննարկման ժամանակ:

«Մենք 2022 թուականին ուրիշ իրադրութիւն ունէինք, մենք ունէինք իրադրութիւն, որ նոյնիսկ 100 միլիոն դոլարով ունէինք վճարումներ, որի դիմաց պէտք է ստանայինք սպառազինութիւն ու տեխնիկա, եւ մեզ երբեմն քաղաքավարի, երբեմն էլ ոչ այդքան՝ չէր իրականացւում մատակարարումները: Այս իրադարձութիւններն են, որ մեզ յանգեցրել են եզրակացութիւնների, որ մենք պարադիգմը պէտք է փոխենք: Այն բանաձեւերը, որով մենք ճանաչում ենք աշխարհը՝ չեն ապահովում մեզ համար անհրաժեշտ կենսական իրողութիւնների եւ իրադրութիւնների ստեղծումը: Դա էր պատճառը, երբ մենք սառեցրինք մեր անդամութիւնը ՀԱՊԿ-ին, սրանք կարեւոր նրբութիւններ են, որ մեր իրականութեան մէջ ընկալուած չի: Այս հարցը պէտք է շատ կոնկրետ պատասխան ստանայ, եւ հանրութիւնը այս նրբութիւնները արձանագրի: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է տեսնի, որ ՀՀ-ն հենց այս կոորդինատներում է դիրքաւորւում՝ որպէս միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամ եւ այս սկզբունքներով է առաջնորդւում»,-ըսած է վարչապետը:

Անդրադառնալով Եւրոմիութեան անդամ դառնալուն՝ Փաշինեանը շեշտած է, որ պէտք է երթալ ՀՀ-ն Եւրոմիութեան չափանիշերուն համապատասխանող երկիր դարձնելու ճանապարհով. «Նախորդ տարի էական էր Եւրամիութեան անդամագրուելու գործընթաց սկսելու մասին օրէնքի ընդունումը, որը նշանակութիւն ունի մեր երկրի ինքնիշխանութեան աւելի բարձր մակարդակ ապահովելու տեսակէտից: Արդեօ՞ք մենք ուզում ենք լինել Եւրամիութեան լիիրաւ անդամ՝ այո, աներկբայ ու միանշանակ: Երկիրը պէտք է համապատասխանի Եւրամիութեան ստանդարտներին: Հակառակ դէպքում խնդիր դնելը այդ պայմանի շրջանցմամբ դառնալ Եւրամիութեան անդամ՝ ժամանակի կորուստ է: Մեր ռազմավարութիւնը հետեւեալն է՝ մենք ամուր ու յստակ պէտք է գնանք ՀՀ-ն Եւրամիութեան ստանդարտներին համապատասխանող երկիր դարձնելու ճանապարհով»: