image

«Էրտողան, հրաժարական տուր». Թուրքիոյ Քայսերի շրջանին մէջ փախստականներու դէմ ոտնձգութիւններ

«Էրտողան, հրաժարական տուր». Թուրքիոյ Քայսերի շրջանին մէջ փախստականներու դէմ ոտնձգութիւններ

Գիշերը թրքական Քայսերիի մէջ փախստականներու ջարդեր տեղի ունեցած է։ Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ անկարգութիւններու պատճառ դարձած են լուրերն այն մասին, որ սուրիացի տղամարդը բռնաբարած է 6-ամեայ երեխայ։

Տեղի բնակիչները դուրս եկած են փողոց եւ բողոքի ցոյց կատարած՝ պահանջելով արտաքսել գաղթականները։ Անոնք վանկարկած են «Էրտողան, հրաժարական տուր» կարգախօսը՝ այդպիսով իսկ բողոքելով թրքական իշխանութիւններու գաղթի քաղաքականութեան դէմ։

Բողոքի ցոյցերը վերածուած են ջարդերու. ցուցարարները սկսած են յարձակիլ գաղթականներու վրայ` ջարդուփշուր ընելով եւ հրկիզելով սուրիացիներու տուները, խանութներն ու մեքենաները։

Քայսերիի մէջ իշխանութիւնները լրացուցիչ ոստիկանական ուժեր եւ յատուկ սարքեր բերած են անկարգութիւնները կանխելու համար, նաեւ՝ ջրցան մեքենաներ։

Դէպքի վայր ժամանած են Քայսերի նահանգապետը եւ ոստիկանութեան Քայսերիի բաժնի պետը, որոնք փորձած են հանգստացնել հաւաքուածները՝ վստահեցնելով, որ 6-ամեայ աղջկան բռնաբարելու մեղաւորները խստագոյնս պիտի պատժուին։