image

Էրտողան. «Հիմա աւելի լաւ եմ»

Էրտողան. «Հիմա աւելի լաւ եմ»

CNN Turk-ի լրագրողը մօտենալով Էրտողանին, որ  Ալիեւի հետ տեղական արտադրութեան TOGG ելեկտրական ինքնաշարժին մէջ եղած է, հետաքրքրուած է Էրտողանի առողջական վիճակով: Էրտողան ըսած է, որ շատ աւելի լաւ կը զգայ ինքզինք: Այս մասին յայտնած է CNN Turk:

«Փառք Աստծոյ, հիմա աւելի լաւ եմ»,- պատասխանած է Թուրքիոյ ղեկավարը լրագրողի հարցումին։

Էրտողանի ինքնազգացողութիւնը վատացած էր 25 ապրիլին, երբ ուղիղ եթերով ան հարցազրոյց կու տար տեղական հեռուստաալիքներուն։ Որոշակի դադարէ ետք ան վերադարձած էր եթեր եւ յայտարարած, որ ստամոքսի խնդիր ուներ։