Մինչեւ 2025 թուականն Ղարաբաղի մէջ ժամանակաւորապէս տեղակայուած ռուս խաղաղապահները պիտի մնան նշանակուած վայրերու մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը մամուլի համար յայտարարութեան մէջ՝ մեկնաբանելով չորեքշաբթի օր Վիլնիուսի մէջ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու երկօրեայ գագաթնաժողովի արդիւնքները, գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«2025 թուականին Ռուսիան պիտի լքէ տարածքը (Լեռնային Ղարաբաղը - խմբ.), ես կը հաւատամ, որ Մոսկուան հաւատարիմ կը մնայ համաձայնագրին։ Իմ եղբայր Իլհամ Ալիեւը նոյնպէս ուշադիր կը հետեւի տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին»,-աւելցուցած է Էրտողան։