image

Էրտողան. «Ով որ կ՚ըսէ ինչ գործ ունիք Սուրիոյ կամ Ղարաբաղի մէջ, ան կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ մեծ երթը»

Էրտողան. «Ով որ կ՚ըսէ ինչ գործ ունիք Սուրիոյ կամ Ղարաբաղի մէջ, ան կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ մեծ երթը»

Ան, որ կ՚ըսէ․ «Ինչ  գործ ունինք Սուրիոյ, Իրաքի, Ղարաբաղի, Լիպիոյ, Պոսնիոյ եւ Երուսաղէմի հետ», գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը խոչընդոտէ Թուրքիոյ մեծ երթին, յայտարարած է  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ ելոյթ ունենալով Թուրքիոյ Ազգային ուսանողական միութեան 62-րդ գլխաւոր համաժողովին, հաղորդած է  Anadolu-ն։

Ըստ Էրտողանի, «Թուրքիոյ զօրանալուն եւ բոլոր ուղղութիւններով իր շահերը պաշտպանելուն համընթաց, անոր նկատմամբ թշնամանքի մակարդակը սկսած է աճիլ»։

Թուրքիոյ նախագահի կարծիքով «եթէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի նման տէրութիւններու կողմէ աջակցութիւն ստացող իւրաքանչյուր ահաբեկչական խմբաւորում սկսի իր ցանկութեամբ մարդիկ սպանել, ապա աշխարհակարգը ամբողջովին կը խախտուի»։