Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ՝ Իլհամ Ալիեւն ու Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան երեքշաբթի օր ներկայ գտնուած են Վարանդայի միջազգային օդակայանի բացման արարողութեան:
Ըստ ԹԱՍՍ գործակալութեան, երկիրներու ղեկավարներուն յանձնուած է նոր օդակայանի խորհրդանշական բանալին:
Արցախեան երկրորդ պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Վարանդա քաղաքին մէջ միջազգային օդակայանը կառուցուած է 8 ամսուայ ընթացքին: Առաջին փորձնական թռիչքը իրականացուած է այնտեղ 5 Սեպտեմբերին:
Ատրպէյճանական լրատուական միջոցներու հրապարակած տեսանիւթով կ'երեւի, թէ Թուրքիոյ պատուիրակութեան օդանաւը վայրէջք կատարած է նոյն նորաբաց օդակայանը։