image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան եւ Ալիեւ մեկնարկը տուին Վարանդայի օդակայանի շահագործման

Էրտողան եւ Ալիեւ մեկնարկը տուին  Վարանդայի  օդակայանի  շահագործման

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ՝ Իլհամ Ալիեւն ու Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան երեքշաբթի օր ներկայ գտնուած են Վարանդայի միջազգային օդակայանի բացման արարողութեան:

Ըստ  ԹԱՍՍ գործակալութեան, երկիրներու ղեկավարներուն յանձնուած է նոր օդակայանի խորհրդանշական բանալին:

Արցախեան երկրորդ պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Վարանդա քաղաքին մէջ միջազգային օդակայանը կառուցուած է 8 ամսուայ ընթացքին: Առաջին փորձնական թռիչքը իրականացուած է այնտեղ 5 Սեպտեմբերին:

Ատրպէյճանական լրատուական միջոցներու հրապարակած տեսանիւթով կ'երեւի, թէ Թուրքիոյ պատուիրակութեան օդանաւը վայրէջք կատարած է նոյն նորաբաց օդակայանը։