Քորէայի Ժողովրդադեմոկրատական Հանրապետութիւնը եւ Ռուսիան այժմ կը բանան երկկողմ յարաբերութիւններու նոր էջ։ Այս մասին ըսուած է Քորեայի Ժողովրդադեմոկրատական Հանրապետութեան նախագահ Քիմ Եոնկ Ընի՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուղղուած հեռագիրին մէջ՝ Ռուսիոյ Օրուան առիթով, կը հաղորդէ Քորէայի կեդրոնական լրատուական գործակալութիւնը։
Ուղերձին մէջ շեշտուած է, որ Փիոնկիանկն եւ Մոսկուան կը բանան պատմութեան նոր էջ եւ կ՚ամրապնդեն սրտանց ընկերական վստահութեան ու դաշնակցային յարաբերութիւնները։ Քորեայի Ժողովրդադեմոկրատական Հանրապետութեան առաջնորդին համաձայն՝ սա երկու երկիրներուն՝ պարտաւորութիւններուն եւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագիրի արդար գաղափարին նկատմամբ հաւատարիմ մնալու արժանի արդիւնք է։
«Հետեւողականօրէն աջակցիլ Մոսկուայի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան եւ միշտ Ռուսիոյ Դաշնակցութեան կողքին կանգնիլը իմ անփոփոխ կամքս ու դիրքորոշումս է»,– նշած է Քիմ Եոնկ Ընը։
Ան ռուս առաջնորդին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին փոխանցած է իր ամենաջերմ շնորհաւորութիւնները՝ նշելով, որ անոնց սէրը հայրենիքին նկատմամբ եւ հայրենասիրութիւնը կը հանդիսանան այն թանկարժէք սնունդը, որ կ՚երաշխաւորէ եւ կը խթանէ երկրի զարգացումն ու բարգաւաճումը պետական եւ հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ։
Քիմ Եոնկ Ընը Փութինին մաղթած է յաջողութիւններ իր պատասխանատու աշխատանքին մէջ, իսկ եղբայրական ռուս ժողովուրդին՝ յաջողութիւն եւ յաղթանակ։