image

Իրանը ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէ հարեւաններու համար. Իրանցի հրամանատար

Իրանը ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէ հարեւաններու համար. Իրանցի հրամանատար

Իրանը կը ձգտի հարեւաններուն հետ խաղաղ յարաբերութիւններու եւ վտանգ չի ներկայացներ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն համար. այս մասին, Mehr գործակալութեան հաղորդմամբ, ըսած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի  ռազմածովային ուժերու հրամանատար Ալիռեզա Թանկսիրի:

«Մենք միշտ բարեկամութեան ձեռք կը մեկնենք տարածաշրջանի երկիրներուն։ Որպէս իսլամներ՝ մենք որեւէ վտանգ չենք ներկայացներ մեր հարեւան երկիրներուն համար»,- ընդգծած է ան։

Նշելով, որ Իրանը պատերազմ սկսելու մտադրութիւն չունի՝ Թանկսիրի ըսած է, որ Իրանի շահերուն կամ անոր ժողովուրդին վրայ ցանկացած յարձակում կը ստանայ վճռական պատասխան։

Թանկսիրի յայտարարած է, որ Իրան ցանկացած վայրի մէջ թշնամիին ռազմակայանները հարուածելու կարողութիւն ունի: 

«Մենք հնարաւորութիւն ունինք հարուածելու թշնամիի բոլոր յենակէտերը, ուր ալ որ ըլլան: Եթէ մեր դէմ յարձակում սկսի ցանկացած աշխարհագրական դիրքէն, մենք պատասխան հարուած կը հասցնենք նոյն այդ վայրին: Ոչ ոք կրնայ մեզ հարուածել եւ փախիլ: Նոյնիսկ եթէ մենք ստիպուած ըլլանք զիրենք հետապնդել մինչեւ Մեքսիքական ծոց, մենք այդ կ'ընենք»,- աւելցուցած է ան:

Իր խօսքին մէջ Թանկսիրին ակնարկած է, որ Իրան չի խոնարհիր ճնշումներուն կամ սպառնալիքներուն տակ:

«Մենք թոյլ չենք տար Թրամփին, որ իր կամքը պարտադրէ մեր վրայ», - եզարափակած է ան: