image

Հարուածներէն ետք Այաթոլլա Խամենէի նոր հրամանատարներ նշանակեց

Հարուածներէն ետք Այաթոլլա Խամենէի նոր հրամանատարներ նշանակեց

Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէին Իրանի Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի ժամանակաւոր պետ նշանակած է Հապիպոլլահ Սայարին։ Ահմատ Վահիտին ալ նշանակուած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի (ԻՀՊԿ) հրամանատար, հաղորդած է Nour News-ը։

Աւելի վաղ Իրանի պետական ​​հեռուստատեսութիւնը յայտնած էր, որ Իսրայէլի հարուածներու հետեւանքով զոհուած է Իրանի զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ Մոհամմատ Պաղերին։ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդն ալ հաստատած էր իր հրամանատար Հոսէյն Սալամիի մահը։

«Գերագոյն առաջնորդի հրամանագրով Հապիպոլլահ Սայարին նշանակուած է Իրանի զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի ժամանակաւոր պետ, զօրավար Վահիտին՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար», –ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Սայարին նախկապէս Իրանի բանակի փոխհրամանատարն էր։