image

«Երկինքը աստղ մը ստացաւ». Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի սրտի խօսքը (Լուսանկար)

  «Երկինքը աստղ մը ստացաւ». Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի սրտի խօսքը (Լուսանկար)

Օրերս սրտաբուխ գրառում մը կատարած է Արեւելեան Թեմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝  Արժ. Տ. Մեսրոպ քահանայ Լագիսեանը։ Տէր հայրը անդրադառնալով  Արեւելեան Թեմի եկեղեցական շրջանակներուն ծանօթ անուն հանդիսացող Տիկն. Աստղիկ Գազանճեանի մահուան մասնաւորապէս նշած է այն բարեմասնութիւնները, որոնց շուքով ալ գործեց ու  եւ բարի համբաւով բաժնուեցաւ հանգուցեալը։ 

 Տէր Հայրը մասնաւորապէս նշած է « Միշտ պիտի բարի յիշենք ու յարգենք Տիկն. Աստղիկ Գազանճեանի յիշատակը։ Ան դարձաւ նուիրումի օրինակ, սիրեց բոլորին ու գործեց ու օգնեց յանուն բոլորին։ Այսօր երբ ան մեկնած է այս աշխարհէն, ես աւելի քան վստահ եմ, որ երկինքը աստղ մը շահեցաւ, իսկ մենք մնացինք իր կարօտով եւ միշտ ալ զինք յիշելու բարձր յանձնառութեամբ Աստուած հոգին լուսաւորէ»։