Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան հարցով Լիբանանի Պատգամաւորներու պալատի նիստերը պիտի կայանան 14 յունիսին։ Այս մասին երկուշաբթի օր յայտարարած է միապալատ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրին։
«Քուէարկութիւնը պիտի կայանայ չորեքշաբթի օր՝ 14 յունիսին, Էտուալ հրապարակին մէջ գտնուող Խորհրդարանի պալատին մէջ»,- ըսուած է խօսնակի գրասենեակի տարածած յայտարարութեան մէջ։
Պըրին ընտրութիւններու յաջորդ փուլի ամսաթիւ նշանակած է, երբ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները 4 յունիսին առաջադրած են նախագահի նոր թեկնածու: Թեկնածուն է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մասնաճիւղի տնօրէն Ժիհատ Ազուրը, որ 2005-2008 թուականներուն աշխատած է որպէս հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարար։ Ազուրը ստացած է երկու հիմնական քրիստոնէական դաշինքներու աջակցութիւնը, որոնք կը գլխաւորեն «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնը եւ «Ազատ հայրենասիրական հոսանքը»:
19 Յունուարին Լիբանանի խորհրդարանի անդամները տասնմէկերորդ անգամ կայացած քուէարկութեան ժամանակ չկարողացան ընտրել հանրապետութեան ղեկավար։ Կառավարութեան բարձրագոյն պաշտօնը թափուր է 2022 թուականի 31 հոկտեմբերէն, երբ զօր. Միշել Աունը լքեց Պաապտա նախագահական պալատը իր վեցամեայ ժամկէտի աւարտին։