Եւրոպական խորհրդարանը երէկ ձայներու ճնշիչ մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկին, որով Հայաստանի համար առեւտուրի արտօնեալ պայմաններ պիտի ստեղծուին: Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան այս որոշումը նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան նշանակալից նոր մէկ քայլը։
Առեւտուրի ինքնավար միջոցներ (Autonomous Trade Measures — ATM) սահմանելով՝ Պրիւսէլ կը նպատակադրէ աջակցիլ Հայաստանի տնտեսութեան՝ յատկապէս ռուսական առեւտրային վերջին սահմանափակումներէն ետք: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն, աւելի քան երկու ամիս առաջ Երեւանի մէջ խօսելով այս մասին՝ յայտարարած էր, թէ Պրիւսէլ մտադիր է մաքսային արտօնեալ դրութիւն սահմանել Հայաստանի համար:
Յիշեցնենք, որ այս միջոցները պիտի ազատականացնեն Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն արտածումներուն շուրջ 80 տոկոսը: Բայց եւ այնպէս, այս կարգաւորումները պիտի ըլլան որոշ պայմաններով ու միջոցներով, որոնք կը միտին պաշտպանելու Եւրոպական Միութեան շուկան՝ կանխելու համար ներածուող ապրանքներուն ժխտական ազդեցութիւնը եւրոպացի արտադրողներուն վրայ:
Պրիւսէլի առաջարկը կը նախատեսէ 324 ապրանքախումբերու համար ազատ առեւտուրի կարելիութիւն: Ըստ Եւրոպական Միութեան հաշուարկներուն՝ հայաստանցի գործարարները երկու տարուան ընթացքին Եւրոպական Միութեան ընդհանուր առմամբ 5,4 միլիոն եւրոյի չափով մաքսատուրքէ զերծ պիտի կացուցուին: Եւրոպական գնահատումներով՝ այս արտօնութիւնը պիտի փոխհատուցէ կամ ծածկէ դէպի Ռուսաստան պտուղ-բանջարեղէնի արտածումներուն 99 եւ խմիչքներուն 91 տոկոսը:
Յիշեցնենք, որ Ռուսաստան այս տարուան Մայիսէն սկսեալփուլառ փուլ արգիլած էր զանազան ապրանքներու՝ ներառեալ գիւղատնտեսական մթերքներու, ձկնեղէնի, խմիչքներու, կաթնամթերքի եւ ծաղիկներու՝ Հայաստանէն իր տարածք ներածումը: Այս սահմանափակումները յաջորդած էին Երեւանի մէջ կայացած եւրոպական երկու վեհաժողովներուն, որոնցմէ մէկուն կը մասնակցէր նաեւ Ուքրաինայի նախագահը:
