image

Երեւանի մէջ տեղադրուած է Քըրք Քըրքորեանի յուշաքանդակը

Երեւանի մէջ տեղադրուած է Քըրք Քըրքորեանի յուշաքանդակը

Երեւանի 2806-ամեակին ընդառաջ Օղակաձեւ այգիին մէջ տեղադրեցինք Քըրք Քըրքորեանի յուշակոթողը, վերականգնեցինք հայ բարերարներու կերպարը խորհրդանշող քանդակը եւ Միքայէլ Արամեանցի, Ալեք Մանուկեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Ալեքսանդր Մանթաշեանի, Պօղոս Նուպարի եւ Յովհաննէս Լազարեանի յուշակոթողները։  Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը:

«Յատուկ շնորհակալութիւն եմ ուզում յայտնել յուշակոթողի հեղինակ, անուանի ճարտարապետ Ֆերդինանտ Առաքէլեանի ընտանիքի անդամներին՝ տիկին Յասմիկին եւ Գոռին, նշուած աշխատանքերն իրականացնելու ընթացքում իրենց աջակցութեան համար»,-գրած է Աւինեանը: