Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Երեւանի դահլիճէն ներս ուրբաթ օր մայիսի 13-ին, ժամը 19:00-ին, պիտի ներկայացուի Շահնուրեանի Եռահատորեակը, Գրիգոր Շահինեանի խմբագրութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ: Եռահատորը կը բաղկանայ «Գեղարուեստական գործեր», «Լրագրական էջեր» եւ «Յաղագս Շահան Շահնուրի» 3 գիրքերէն:
Երեկոյի ընթացքին, Շահան Շահնուրի գրականութեան եւ Գր. Շահինեանի վաստակին պիտի անդրադառնայ գրականագետ Երւանդ Տեր-Խաչատրեանը:
Պիտի ներկայացուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, Հ. Մալեան թատրոնի դերասաններու պիտի ներկայացնեն Շահնուրի «Պճեղ մը անուշ սիրտ»ը, Լուսինէ Գրիգորեանի կատարմամբ պիտի հնչէ կոմիտասեան երեք պարեղանակներ: