image

Ազգային պատկերասրահի մշտական ցուցադրութիւնը կը վերաբացուի. Թաքնուած գանձերը հանրութեան կը ներկայացուին

Ազգային պատկերասրահի մշտական ցուցադրութիւնը կը վերաբացուի. Թաքնուած գանձերը հանրութեան կը ներկայացուին

Հայաստանի խոշորագոյն պատկերասրահը՝ Ազգային պատկերասրահը, կը պատրաստուի իրադարձութեան մը: Պատկերասրահին մէջ շուտով պիտի վերաբացուի հայ մեծանուն նկարիչներու աշխատանքներու մշտական ցուցադրութիւնը, որուն համար պատկերասրահը գոցած է իր դռները՝ հանդիսաւոր կերպով պատրաստուելու համար այդ առիթին, որուն կը սպասեն արուեստով հետաքրքրուող մեծ թիւով մարդիկ:

Հայկական կերպարուեստի հաւաքածուի աշխարհի ամենամեծ թանգարանն է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, որ կը գտնուի Երեւանի սիրտին վրայ: Անոր պատմութիւնը մէկ դարէ աւելի է: Այստեղ կը պահուին հայ մեծ նկարիչներու, քանդակագործներու բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, բայց, այնպէս մը ստացուած է, որ անոնք միշտ չեն ցուցադրուիր եւ շատ յաճախ կը մնան պահոցներու մէջ:

2021 թուականէն ի վեր պատկերասրահի մշտական ցուցադրութիւնը գրեթէ չէր գործեր զանազան պատճառներով: Եւ հիմա պատկերասրահի տնօրինութիւնը ձեւ մը մտածած է, որպէսզի շարժական պատերու, նորագոյն հնարքներու միջոցով պիտի վերաբացուի մշտական ցուցադրութիւնը, եւ հայ մեծերու բոլոր յայտնի գործերը մշտապէս կախուած պիտի մնան հիմնական ցուցադրութեան ժամանակ:

Պատկերասրահը միաժամանակ նորոգումի որոշ փուլէ մը անցած է եւ շուտով իր դռները պիտի բանայ՝ թարմ ու նորովի:

Ազգային պատկերասրահը Հայաստանի այցաքարտերէն մէկն է: Հանրապետութեան հրապարակի վրայ գտնուող մշակոյթի այս օճախը միշտ կը գրաւէ զբօսաշրջիկներն ու հիւրերը: Անոնք պատկերասրահ այցելելով կը փափաքին տեսնել աշխարհի մէջ իր արուեստագէտներով յայտնի երկրի մը կերպարուեստի գործերը, որոնք միշտ հոն կախուած չեն ըլլար: Ազգային պատկերասրահի ղեկավարութիւնը արդէն յայտնած է, որ նոր ցուցադրութեան մէջ պիտի ըլլան բազմաթիւ ուշագրաւ գործեր, որոնք անծանօթ են նոյնիսկ տեղացիներուն: Այսպիսով, մշտական ցուցադրութեան վերաբացումով նաեւ տեղաբնակները կը ճանչնան մեր արուեստագէտներու բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, որոնց մասին միայն լսած կամ կարդացած են:

Մշտական ցուցադրութեան հաւաքածոն պիտի կազմուի Ազգային պատկերասրահի 41 հազար ցուցանմոյշներէն, որոնց մէջ, յիրաւի, թաքնուած գանձեր կան:

Առաջին անգամ ցուցադրութեան կը հանուին նաեւ պատկերասրահին մէջ պահուող գծանկարներէն, ոսկիի, արծաթի, խեցեղէնի նմոյշներէն ընտիր օրինակներ, նամակներ, անձնական փաստաթուղթեր, որոնք գրագէտ համադրումի մէջ կը դրուին ներկայացուող իւղաներկ կտաւներուն հետ:

Պատկերասրահին մէջ կը պահուին աւելի քան 200 հազար անձնական իրեր, լուսանկարներ, նամակներ, որոնք հայ կերպարուեստագէտներուն կը պատկանին:

Հոս կը գտնուի աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի գործերու՝ աշխարհի մէջ երկրորդ ամենամեծ հաւաքածոն (առաջինը Այվազովսքիի ծննդավայր Թէոտոսիայի մէջ է): Պատկերասրահին մէջ կը պահուի հայ անմահ նկարիչներ Մարտիրոս Սարեանի, Վարգգէս Սուրէնեանցի, Գէորգ Բաշինջաղեանի, Փանոս Թերլեմեզեանի, Վարդան Մախոխեանի, Յակոբ Յովնաթանեանի, Էտկար Շահինի, Յարութիւն Կալենցի, Յակոբ Կոճոյեանի եւ այլոց գործերու հիմնական մասը, որոնք նաեւ համաշխարհային համբաւ ունին:

 

ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏՑԻ ՆԿԱՐԻՉԸ

Աշխարհահռչակ հազագի նկարիչներու կարգին իր ուրոյն տեղը ունի հայ կերպարուեստի մէջ իրապաշտական բնանկարչութեան հիմնադիր Եղիշէ Թադէոսեան, որու գործերը կարեւոր տեղ պիտի գրաւեն Ազգային պատկերասրահի նորացուած մշտական ցուցադրութեան մէջ:

Ազգային պատկերասրահը արդէն ներկայացուցած է Կոմիտասի դիմանկարը եւ քանի մը բնապատկերներ, որոնք կը պատկանին Եղիշէ Թադէոսեանին եւ որոնք պիտի ընդգրկուին մշտական ցուցադրութեան մէջ:

Եղիշէ Թադէոսեանը վաղարշապատցի հայազգի նշանաւոր նկարիչն է: Ծնած է 1870 թուականին: Ան նահապետական ընտանիքի մը մէջ ծնած ըլլալով՝ իր ստեղծագործական կեանքին մէջ միշտ հաւատարիմ եղած է արմատներուն, հայրենի քաղաքին, անոր բնութեան: Իր հայրը կը վարձէր Էջմիածնի վանքին պատկանող ջրաղաց մը, որ քանի մը օգնականով կ՚աշխատցնէր: Ջրաղացպանութիւնը անոնց ըտանեկան գործն էր, Եղիշէ Թադէոսեանի մեծ հայրը նոյնպէս ջրաղացպան եղած է:

Ան պզտիկ տարիքէն ականատես եղած է, թէ ինչպէ՛ս հայրը ծանր կ՚աշխատէր եւ քիչ կը վաստակէր, ընտանիքն ալ կը բնակէր փոքրիկ, այգի չունեցող տնակի մը մէջ: Ժամանակի մեծ մասը Եղիշէ Թադէոսեան բնութեան մէջ եւ կենդանիներու հետ կ՚անցընէր:

Իր մայրը Ներսէս Արքեպիսկոպոս Խուտավէրտեանի հարազատ քոյրն էր: Անոր այդ մօրեղբայրը ժամանակի մանաւանդ իր միջավայրի համար կրթուած եւ զարգացած մարդ կը նկատուէր: Եղիշէն յաճախ կը տանէին վանք՝ քեռիին քով, ուր պատէն կախուած էր «Քրիստոսի ծնունդը» նկարի կրկնատիպը եւ ամէն այցէն ետք այդ նկարը տպաւորութիւն կը գործէր: Իր գեղարուեստական մտածողութիւնը պզտիկ տարքիէն ի յայտ եկած է:

1879-1894 թուականներուն զինք կը ղրկեն Թիֆլիզ, ուր կ՚ուսանի տեղւոյն Տէր-Յակոբեան գիշերօթիկ վարժարանին մէջ, յետոյ՝ Մոսկուա: Ուսման տարիներուն, ամրան արձակուրդներուն, ապագայ նկարիչը շրջագայութիւններ կատարած է Հայաստան, Խրիմ, Ռուսաստանի զանազան վայրեր՝ իրեն հետ ունենալով նկարակալ, գործիքներ: Ան այդ ճանապարհներուն կատարած է ճեպանկարներ, որոնց հիման վրայ յետագային ստեղծած է իր գլուխ գործոց կտաւները: Այդ ընթացքին նկարիչին մօտ զարգացած է բնութեան գունային զգացողութիւններուն տիրապետելու ունակութիւնը, որ նկատելի է իր արուեստին մէջ:

Ուսումէն ետք կը դառնայ ծննդավայր, ուր 1894-1895 թուականներուն կը դասաւանդէ Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանին մէջ, ապա կը վերադառնայ Մոսկուա։ 1896 թուականին Թադէոսեան մասնակցած է «Պերեդվիժնիկներ»ու 24-րդ ցուցահանդէսին, 1898 թուականին Մոսկուայի արուեստագետներու ընկերութեան մրցոյթին անոր «Կէսօրեայ ճաշ» (1896 թ.) եւ «Քարոզ ուղղադաւաններուն» (1896 թ.) կտաւները մրցանակներու արժանացած են։

1898 թուականին իր ուսուցիչի՝ ռուս նկարիչ Վասիլի Պոլենովի հետ մեկնած է Պաղեստին, գրեթէ ամէն տարի ճամբորդած է Մերձաւոր Արեւելքի ու Եւրոպայի տարբեր երկիրներ (մինչեւ 1914 թուականը), Ռուսաստանի եւ Հայաստանի մէջ, ստեղծած է շարք մը գործեր։

Ան նաեւ Պոլիս եղած է 1911 թուականի ամրան եւ Պոլիսի մէջ նկարած շարք մը գործեր. ինչպէս՝ երկու մանրանկար Ոսկեղջիւրէն եւ Վոսփորի ափէն:

Եղիշէ Թադէոսեանի կեանքին մէջ 1901 թուականին տեղի ունեցած է կարեւոր փոփոխութիւն. ան Մոսկուայի մէջ ծանօթացած եւ ամուսնացած է զուիցերացի կնոջ մը՝ Ժիւստին Նէֆի հետ: Այդ կինը, ըստ ժամանակակիցներուն, հրեշտակի դեր կատարած է արուեստագէտին կեանքին մէջ, դարձած է անոր անբաժան ու անփոխարինելի ընկերը՝ ողջ կեանքին ընթացքին, ամէն ինչով նպաստած է տաղանդաւոր ամուսինին յառաջընթացին: Ամուսնութենէն ետք Ժիւստին այլեւս հայրենիք չէ վերադարձած, ամուսինին հետ մեկնած է Թիֆլիզ, ուր ապրած՝ մինչեւ կեանքին վերջը:

Արուեստագէտը մահացած է 1936 թուականին, Թիֆլիզ. յուղարկաւորուած է Երեւանի «Կոմիտաս» մեծերուն շիրմատունը: Հայաստանի մէջ նաեւ յետմահու տուրք մատուցած են նկարիչին՝ Երեւանի մէջ փողոց մը, իսկ Էջմիածինի մէջ Գեղարուեստի դպրոց մը կոչելով «Եղիշէ Թադէոսեան» անունով: 2015 թուականին Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական համայնքին մէջ տեղադրուած է գեղանկարիչին կիսանդրին:

Թադէոսեանի մահէն ետք, կինը Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին նուիրաբերած է իր ամուսինին ողջ ժառանգութիւնը, որու շարքին էր նաեւ իրեն՝ Ժիւստինին դիմանկարները, զորս նկարած է Թադէոսեան: Եղիշէ Թադեւոսեանի «Ընթերցող կինը» կտաւին մէջ պատկերուած է իր կինը, որ նկարիչը նկարած է Բիւրականի մէջ՝ 1903 թուականին:

Նկարիչի՝ դասական արուեստի նմոյշներ նկատուող գործերուն կողքին փառաւոր տեղ ունի այս նկարը՝ նկարիչին լաւագոյն կտաւներէն մէկը, որուն մէջ կ՚երեւի կնոջ հանդէպ տածած անոր ողջ սէրն ու ջերմութիւնը:

 

ՎԵՐՋԻՆ ՆԿԱՐԸ՝ ԿՈՄԻՏԱՍ

«Կոմիտաս» նկարը, որ շուտով պիտի վերադառնայ մշտական ցուցադրութիւն, Եղիշէ Թադէոսեանի վերջին կտաւն էր:

Կոմիտաս եւ Թադէոսեան մտերիմներ եղած են. անոնց մտերմութիւնը սկիզբ առած է Էջմածինէն:

Հայ գեղանկարչութեան մէջ շատեր Կոմիտասը նկարած են, բայց անոնցմէ մասնագէտներ գլուխ գործոցներ նկատած են հինգ մեծ նկարիչներու պատկերած «Կոմիտասները» (Թերլեմեզեան, Սարեան, Գրիգոր Խանճեան, Սարգիս Մուրատեան) եւ անոնց կարգին՝ Թադէոսեանի այս նկարը:

Նկարիչը այս մեծադիր կտաւը ստեղծած է 1936 թուականին, բնօրինակ ունենալով 1903 թուականին Բիւրականի մէջ իր կատարած «Կոմիտաս» ճեպանկարը: Կտաւին հետ ճեպանկարն ալ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ:

Նկարիչը նշանաւոր երաժիշտը նկատած է մարդկային կատարեալ տիպար եւ այդպէս ալ փորձած է պատկերել զայն: Այս նկարին մէջ Կոմիտաս ամբողջ մարմնով յենած է ծառին, ոտքերը ամուր՝ հայրենի հողին վրայ:

Արուեստաբանները պատահական չեն նկատած ճերմակ հագուստով, ծառին յենած եւ ոտքերը հողին ամուր դրած Կոմիտասի այս կերպարը: Այս մէկը երաժիշտին՝ մայր հողին եւ հայրենիքին կառչած ըլլալու ուժն ու կամքն է, իսկ ճերմակը յոյսի եւ լաւատեսութեան խորհրդանիշն է, իսկ այս բոլորը մէկ կտաւի մէջ լաւագոյն կերպով արտացոլուած է:

Կոմիտասի թիկունքին հայ գեղջուկ կիներ են, որոնցմէ սովորաբար Կոմիտաս կը գրառէր երգեր:

Ինք՝ Թադէոսեան, անաւարտ նկատած է իր այս գործը, միշտ ուզած է մեղմել Կոմիտասի դէմքի վրայի մշուշը, սակայն չէ հասցուցած:

Առհասարակ, հայ կերպարուեստին մէջ Կոմիտասը առաջին անգամ կ՚երեւի Եղիշէ Թադէոսեանի արուեստին մէջ:

Ասկէ առաջ նկարիչը ստեղծած է Կոմիտասի ուրիշ նկար մը՝ Կոմիտասը մտազբաղ նստած է Էջմիածինի լիճի ափին: Հրաշալի է լիճին եւ անոր ափին խոհերով տարուած երաժիշտին տեսարանը:

Թադէոսեան դուրսը ուսանելու ժամանակ, արձակուրդներուն հայրենի քաղաք կը վերադառնար. այդ արձակուրդներէն մէկուն ընթացքին ան ծանօթացած է Կոմիտասին, այդ ծանօթութիւնը վերածուած է ամուր բարեկամութեան:

«Կոմիտասը լիճի ափին» նկարը Թադէոսեան նկարած է 1894 թուականին, նոյն տարին ալ, ինչպէս յայտնի է, երաժիշտը Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ կը ձեռնադրուի աբեղայ՝ Կոմիտաս անունով: Ծանօթանալով Կոմիտասի կենսագրութեան էջմիածնական շրջանին, կարելի է տեսնել, որ այս նկարին մէջ Կոմիտաս պատկերուած է իր այդ օրերու մտասոյզ վիճակին մէջ:

Կոմիտաս այդ ժամանակ հազիւ քսանհինգ տարեկան էր եւ նշանակուած՝ Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանի երգի ուսուցիչ, փոխարինելով Քրիստափոր Կարա Մուրզային. վերջինս, այդ գործէն ազատուած էր՝ իր ազատ համոզումներուն պատճառով: Կոմիտասը ինքն ալ արդէն սկսած էր կանխազգալ Էջմիածինի յետադիմական հոգեւորականութեան հետ իր սպասուելիք բախումը եւ հաւանաբար Թադէոսեանի հետ մտերմութեան ժամանակ արտայայտած է այդ մէկը: Կտաւին մէջ այդպիսի տրամադրութիւն մը կայ եւ Թադէոսեան, Կոմիտասի հասակակիցը ըլլալով, չէր կրնար անտարբեր մնալ անոր ապրումներուն: Թադէոսեան այդ ժամանակ Մոսկուայի գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանը նոր աւարտած էր, նկարչութիւն կը դասաւանդէր Էջմիածինի ճեմարանին մէջ, իսկ կտաւը, որպէս արուեստի գործ, իրապէս կատարեալ է:

Նկարիչը ընտրած է այնպիսի պահ մը, երբ լիճը շրջապատող ծառերը իրենց գեղեցիկ ստուերները նետած են ջուրին վրայ, նոյնիսկ անոնց անդրադարձները նկարիչը գունաւոր պատկերած է, իսկ Կոմիտաս, նստած սալաքարերուն, կարծես միաձուլուած է այդ գեղեցիկ պատկերին:

Եղիշէ Թադէոսեանէն մնացած են նաեւ հայոց պատմութեան վերաբերող կտաւներ. ինչպէս՝ «Տորք Անգեղ» (1910) եւ «Արշակ եւ Փառանձեմ» (1921) կտաւները։ Իր յայտնի ստեղծագործութիւններն են նաեւ «Հանճարը եւ ամբոխը» (1909), «Քրիստոսը եւ փարիսեցիները» (1919), «Տիրամայր» (1917) եւ այլ գործեր:

Իր արուեստը համամարդկային է եւ նիւթերը, որոնց անդրադարձած է՝ միշտ արդիական կը մնան, այնպէս ինչպէս բնորոշ է դասական արուեստին:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...