19 Նոյեմբերին, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք Երեւան կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Անոնք քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան հետագայ ընդլայնման կարելիութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուող շարունակական քայլերը, որոնք հիմնուած պիտի ըլլան ժողովրդավարական արժէքներու եւ երկկողմ համագործակցութեան խորացման փոխադարձ հետաքրքրութեան վրայ: Ընդգծուեցաւ ներկայի զարգացումներու պայմաններուն մէջ առաւել սերտ գործակցութեան եւ արդիական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Միրզոյեան եւ Պերպոք հանգամանալից կերպով քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ մը` անդրադառնալով վերջին ժամանակահատուածին արձանագրուած ձեռքբերումներուն, ընթացիկ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն:
Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան նոր օրակարգը բաւական յաւակնոտ է եւ հիմնուած է թէ՛ գործակցութեան փորձառութեան եւ թէ հետագայ զարգացման տեսլականին վրայ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան:
Միրզոյեան եւ Պերպոք միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ: Հարաւային Կովկասի կայունութեան ապահովման ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Միրզոյեան ներկայացուց այս գծով վերջին զարգացումները, նաեւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի վերջնականացման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքները` ընդգծելով պայմանագիրի ստորագրութեան կարեւորութիւնը:
Միրզոյեան շեշտեց Հայաստանի կառուցողական մօտեցումը տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին մէջ՝ իբրեւ խաղաղութեան օրակարգի, ինչպէս նաեւ աւելի լայն աշխարհագրութեամբ տնտեսական կապակցուածութեան խթանման կարեւոր բաղադրիչ: