image

Երեւանի մէջ. Հալէպահայ՝ Ատէլ Յարութիւնեանի մահը

  Երեւանի մէջ. Հալէպահայ՝ Ատէլ Յարութիւնեանի մահը

Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  արմատներով Հալէպէն հայուհի՝ Ատէլ Յարութիւնեանը։

Կը նշուի, որ տիկին Ատէլ  ծնած էր  1935 թուականին Հալէպի մէջ եւ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով տեղափոխուած էր Երեւան ուր ապրեցաւ իր կեանքի վերջին օրերը։

Նուիրեալ մայր եւ շրջապատին մէջ յարգուած հայուհի՝ Տիկին Ատէլ միշտ ալ ապրած է հայութեան հոգսերով եւ ի մասնաւորի Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ, ինչպէս շատ հայեր ան եւս ապրած է պատերազմի ողջ տագնապն ու ողբերգութիւնը։

 Տիկին Ատէլ մայր եղած է հինգ զաւակներու՝ Գօգօ, Ծովիկ, Սիլվա, Սօսի, Անի եւ Կարօ որոնց համար եղած է իսկական մայր եւ բոլորին հանդէպ հաւասարապէս ունեցած է մայրական մօտեցում ու սէր։

Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կայացուի այսօր ՝ Չորեքշաբթի Երեւանի Մալաթիա շրջանի Սրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Ցաւակցութիւններ հանգուցեալի հարազատներուն