image

Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութիւնը գումարեց հովուական Ընդհանուր Խորհուրդի եւ Ֆինանսական Յանձնախումբի անդրանիկ նիստերը

Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութիւնը գումարեց հովուական Ընդհանուր Խորհուրդի եւ Ֆինանսական Յանձնախումբի անդրանիկ նիստերը

23 Մայիս 2026-ին, Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ, Արհ. Տ. Գէորգ Արք. Նորատունկեանի նախագահութեամբ, գումարուեցան Առաջնորդութեան Հովուական Ընդհանուր Խորհուրդի եւ Ֆինանսական Յանձնախումբի անդրանիկ նիստերը։ Երկու կառոյցներուն ստեղծումը կը միտի Առաջնորդութեան հովուական, վարչական եւ տնտեսական առաքելութեան աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպման՝ հիմնուած մասնակցային, թափանցիկ եւ պատասխանատու կառավարման սկզբունքներու վրայ։ Նիստերուն ընթացքին քննարկուեցան Առաջնորդութեան հովուական կեանքի, ֆինանսատնտեսական կառավարման եւ կառոյցներու զարգացման վերաբերող առաջնահերթ հարցեր, ինչպէս նաեւ նախանշուեցան յառաջիկայ աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւնները։

Ստորեւ այդ նիստերուն մասին Հայ Կաթողիկէ Երեւանի Առաջնորդարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝ 


23 Մայիս 2026-ին, Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ, Արհ. Տ. Գէորգ Արք. Նորատունկեանի նախագահութեամբ, գումարուեցան Առաջնորդութեան Հովուական Ընդհանուր Խորհուրդի եւ Ֆինանսական Յանձնախումբի անդրանիկ նիստերը։ Երկու կառոյցներուն ստեղծումը կը նպատակադրէ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել Առաջնորդութեան հովուական, վարչական եւ տնտեսական առաքելութիւնը՝ ամրապնդելով խորհրդակցական մասնակցութիւնը, թափանցիկութիւնը եւ պատասխանատու կառավարումը։ Նիստերուն ընթացքին քննարկուեցան Առաջնորդութեան առջեւ ծառացած հովուական եւ կազմակերպական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ նախանշուեցան յառաջիկայ աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւնները։

Առաւօտեան ժամը 11։00-ին տեղի ունեցաւ Ֆինանսական Յանձնախումբի հիմնադիր նիստը՝ Արհ. Տ. Գէորգ Արք. Նորատունկեանի նախագահութեամբ։ Յանձնախումբին անդամ են Առաջնորդութեան Ընդհանուր Մատակարարը, Դիւանապետը, Գլխաւոր Հաշուապահը, ինչպէս նաեւ տնտեսագէտներ, ֆինանսագէտներ եւ իրաւաբաններ։ Յանձնախումբին ամբողջական անունն է՝ «Ֆինանսներու եւ նիւթական միջոցներու կառավարման վերահսկողութեան յանձնախումբ»։

Յանձնախումբի կազմութեան նպատակն է նպաստել Առաջնորդութեան ֆինանսատնտեսական համակարգի առողջացման, կայունացման եւ բարելաւման՝ ապահովելով օրէնքին համապատասխան, թափանցիկ, հաշուետու, նպատակասլաց եւ արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի շահ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներու համակողմանի զարգացման։ Ան խորհրդակցական մարմին մըն է, որ կոչուած է աջակցելու Առաջնորդին՝ աւելի արհեստավարժ, արդիւնաւէտ եւ ժամանակակից ձեւով վարելու եկեղեցական հովուական առաքելութեան տնտեսական եւ ֆինանսական ոլորտները։

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը կարեւոր հարցեր, որոնց կարգին՝ յանձնախումբի կանոնագրութեան նախնական նախագիծը, ֆինանսատնտեսական եւ գոյքային կառավարման ընդհանուր ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութիւնը, գնումներու քաղաքականութեան ուղեցոյցի պատրաստութիւնը եւ մարդկային միջոցներու կառավարման ուղեցոյցի մշակումը։ Այս հիմնական փաստաթուղթերը պիտի պատրաստուին՝ նկատի ունենալով միջազգային փորձառութիւնը, Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնական պահանջները, Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութիւնը, Առաջնորդութեան տեղական կարիքները եւ միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեան առանձնայատկութիւնները։

Նոյն օրը գումարուեցաւ նաեւ Առաջնորդութեան Հովուական Ընդհանուր Խորհուրդի առաջին նիստը։ Խորհուրդի ստեղծման նպատակը Առաջնորդութեան ընդհանուր հովուական առաքելութեան աւելի արդիւնաւէտ իրականացումն է՝ սինոտական ոգիով, ապահովելով հովուական ծառայութեան մէջ ներգրաւուած անձերու եւ հաստատութիւններու աւելի լայն ու գործնական մասնակցութիւնը՝ Առաջնորդութեան առաքելութեան համար կարեւորագոյն հարցերու քննարկման եւ որոշումներու կայացման գործընթացներուն մէջ։

Խորհուրդի կազմութիւնը համահունչ է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ որդեգրած սինոտական ուղիին։ Սինոտականութիւնը Եկեղեցւոյ միասնութեան կենդանի արտայայտութիւնն է, ուր եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ, միանձնուհիներ եւ աշխարհականներ միասին կը գործեն Քրիստոսի վստահած առաքելութիւնը իրականացնելու համար՝ Աւետարանը հռչակելով, հաղորդութեան եւ սիրոյ մէջ քալելով դէպի սրբութիւն եւ փրկութիւն։

Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Առաջնորդութեան հովուական առաքելութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու խնդիրները։ Ընդգծուեցաւ, որ անոնց լուծման մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի նուիրեալ աշխարհական հաւատացեալներու խորհրդատուական մասնակցութիւնը։ Քննարկուած նիւթերուն մէջ էին հաւատացեալներու աւելի աշխոյժ մասնակցութիւնը համայնքային պաշտամունքային եւ աղօթական կեանքին, ծխական հովուական խորհուրդներու կազմաւորումն ու կանոնաւոր գործունէութիւնը, աւետարանչական առաքելութեան զարգացումը՝ մասնաւորաբար քրիստոնէական կրթութեան կանոնաւոր կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ աշխարհականներու տարբեր տարիքային միաւորումներու եւ շարժումներու զարգացումը։

Այս երկու նորաստեղծ կառոյցներուն գործունէութիւնը կոչուած է նպաստելու Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան առաքելութեան աւելի կազմակերպուած, արդիւնաւէտ եւ ժամանակակից իրականացման՝ ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։