Այսօր՝ յունուար 17-ին, ճանապարհի մերկասառոյցի պատճառով խոշոր արկած տեղի ունեցած է Արագածոտնի մարզին մէջ։ Ժամը 12։30-ի սահմաններուն Երեւան-Վանաձոր ճանապարհի Ալագեազ բնակավայրի վարչական տարածքին մէջ բախած են մարդատար «Գազել» ու «ԳԱԶ 69» մակնիշի մեքենաները։
Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով, վթարի հետեւանքով 8 հոգի տեղափոխուած են «Ծաղկահովիտ» բժշկական կեդրոն։
Ֆոթոլրագրողը յայտնած է, որ բախման հետեւանքով «ԳԱԶ 69»-ը դուրս եկած է երթեւեկելի գօտէէն, յայտնուած է դաշտին մէջ, իսկ «Գազել»-ը,որ կը սպասարկէ Արթիկ-Ապարան-Երեւան թիւ 355 երթուղին, մասամբ յայտնուած է ճանապարհի մէջտեղը։
Ճանապարհը եղած է մերկասառոյց, ձիւնի շերտէն մաքրուած եղած է, սակայն ճանապարհը սպասարկող «Մարտիրոսեան» ՍՊԸ աշխատակիցները աղ ու աւազի խառնուրդով կարծես թէ չեն մշակած։