image

Երեւան. Բնիկ քեսապցի Սարգիս Մահտեսեանի կորուստը

Երեւան. Բնիկ քեսապցի Սարգիս Մահտեսեանի կորուստը

Ամբողջ սերունդի մը մեծ երազն էր վերջնականապէս հաստատուիլ Մայր Հայրենիք՝ Հայաստանի մէջ։ 

Սերունդ, որուն անդամներէն շատ-շատերը  իրենց կեանքի ճանապարհը հունաւորած էին ուսանելով Երեւանի մէջ, այսօր արդէն իրենց աչքերը կը փակեն ու առյաւէտ կը հեռանան մեր աշխարհէն։

Այդ սերունդը աւագներու սերունդն է, որ իր աչքերը բացաւ օտար ափերու վրայ եւ միշտ ալ ապրեցաւ հայրենի հողին կարօտով։ 

Այսօր  հրաժեշտ կու տանք այդ սերունդի հարազատ զաւակներէն Սարգիս Մահտեսեանին, որ իր աչքերը բացած էր հայկական աւան Քեսապի մէջ։

Կեանքի պատմութիւն մը, որ  այսօր կը վարագուրուի եւ այդ պատումին մէջ կան  Քեսապի, Հալէպի, Պէյրութի եւ անշուշտ Երեւանի շնչերակները։ 

Պարոն Սարգիսը ուսանեցաւ Երեւան, ապրեցաւ Քեսապի, Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ, իսկ անոր կեանքի մայրամուտը հասաւ Մայր Հայրենիքի մէջ։

Ոչ ոչ կը մտածէր, որ Քեսապ հայկական աւանի «երգ»ը կէս պիտի մնար, ու յար եւ նման հազարաւոր հայորդիներու պէս Պարոն Սարգիս պիտի հանգրուանէր Հայաստանի մէջ։ Այն երկնակամարին ներքոյ, որն այդքան սիրելի ու պաշտելի էր իր համար, այսօր կը դառնայ իր վերջին հանգստարանը,  իր մէջ  ունենալով սէրն ու կարօտը ծննդավայր Քեսապին. ճակատագրի եւ  իր ինքնութեան համար պայքարող հայու ճակատագիր էր։

Ու այդ երկու սէրերը՝ ծննդավայրի ու հայրենիքի, որ միշտ ալ ագուցուած են  բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած Պարոն Սարգիսի հոգիին մէջ, կը դառնան աւանդ եւ օրինակ բոլոր անոնց համար, որ պիտի շարունակեն քալել նուիրեալ, ազնուական ու բոլորի սիրոյն արժանացած Սարգիս Մահտեսեանի՝ պարզ հայու ճանապարհով։

 

 «Արեւելք» 

 

Ստորեւ՝  մահազդը։ 

Տէր եւ Տիկին Արա եւ Եղիսաբեթ Ջերջեան եւ զաւակունք

Օրդ. Արաքս Մահտեսեան

Եւ համայն Մահտեսեան, Յարութիւնեան, Ջերջեան, Հայրապետեան, Նիկողոսեան եւ Չոլաքեան ընտանիքները կը գուժեն իրենց հարազատին՝ հանգուցեալ Սարգիս Մահտեսեանի (ծնեալ 1942) մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 31 Օգոստոս 2025-ին, Երեւան-Հայաստան։

Հանգուցեալի հոգեհանգստեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2025-ին, Նուպարաշէն 46, Ժամը 17:00 - 20:00

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր, 2025-ին Ժամը 13:00-ին, Թոխմախ Գերեզմանատան մէջ:

Յետ թաղման արարողութեան ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին «Կռունկ» ճաշարանէն ներս, Նուպարաշէնի խճուղի 23/8։