image

Երեւան այցելող Գերմանիոյ ԱԳ Նախարարուհին շեշտադրեց խաղաղութեան կարեւորութիւնը

Երեւան այցելող Գերմանիոյ ԱԳ Նախարարուհին շեշտադրեց խաղաղութեան կարեւորութիւնը

Երեւանի մէջ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ Գերմանիա եւ Հայաստան ուժանիւթի առումով կախեալ են Ռուսիայէն եւ այդ մէկը մէկ օրուան ընթացքին կարելի չէ փոխել։ «Մենք նաեւ կը հասկնանք, թէ որքանով Հայաստան կախեալ է Ռուսիայէն: Գիտենք, որ պէտք է ամուր գործընկերներ ունենանք` կախեալութիւնը նուազեցնելու համար: Գերմանիա կը ձերբազատի այդ կախեալութենէն: Մեզի անհրաժեշտ են նոր նախագիծեր, նոր ենթակառուցուածքներ ուժանիւթի ապահովութեան երաշխաւորման համար», ըսաւ Պերպոք՝ աւելցնելով, որ այդ մէկը կրնայ «Սեւծովեան հաղորդալարեր»ու նախագիծը ըլլալ:

Ըստ անոր՝ Գերմանիա եւ Հայաստան կրնան աւելի սերտօրէն համագործակցիլ ուժանիւթի ապահովման գծով:

Նախարարը նաեւ շեշտեց, որ Գերմանիա կը փափաքի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն, ապահով յարաբերութիւններու հասնելու նպատակով պայմաններ ստեղծել՝ բանակցային սեղանի շուրջ անոնց հանդիպումներուն միջոցով։

«Գերմանիա կը պաշտպանէ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ ասիկա հիմքն է խաղաղութեան միտուած բոլոր բանակցութիւններուն: Յատկապէս բազմաթիւ բարդ հարցեր կը յառաջացանան սահմաններուն գծով, թէ՝ ի՛նչ քարտէսներով պէտք է առաջնորդուիլ. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար մեծ առաջադրանք է այս հարցին վերաբերեալ լուծում գտնելը», ըսաւ Պերպոք։

Ան աւելցուց, որ տարիներ շարունակ Եւրոպական Միութիւնը եւ Գերմանիա իբրեւ ազնիւ միջնորդներ գործած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ յատկապէս յիշելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերը, որոնք կրնան կամուրջ ըլլալ խաղաղութեան հասնելու։ Առ այդ, ան կարեւոր նկատեց, որ դարձեալ ձեւաւորուի բանակցութիւններու փուլ մը:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ տեղեկացուց, որ իր երկիրը Հայաստանին 9.3 միլիոն եուրոյի մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ` Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերուն օգնելու համար: