image

Երբ Պատրիարքը Կը Մերժէ Խօսիլ/ Սագօ Արեան

Երբ Պատրիարքը Կը Մերժէ  Խօսիլ/  Սագօ  Արեան

Պատմական  օրեր   են  Սուրբ Էջմիածնի  մէջ:    Անկախ Հայաստանի   4-րդ  Միւռոնօրհնէքը   արդէն  կատարուած է   նոր էջ մը աւելցնելով  բազմաթարեայ  Սուրբ Աթոռի ՝  Մայր Աթոռի  տարեգրութեան մէջ:     Միւռոնօրհնէքի արարողութեան  հետ համընթաց   կ'արձանագրուին  «յոյժ  կարեւոր»  եղելութիւններ, որոնց ամէնէն ուշագրաւը  Երուսաղէմի  Պատրիարքին     կատարուած  արարողութեանց   ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնն է:Պատրիարքին  ժամանաումը կը դադրէր իրադարձութիւն մը ըլլալէ, եթէ ամիսներ առաջ անոր     Էջմիածին ու  Երեւան տուած     այցերէն ետք   մամուլին մէջ լոյս տեսած չըլլային  այն  անհասկանելի,  վատաբանութիւններով լեցուն,   հակաքրիստոնէական   կեցուածքներով    «ամրագրուած»   խօսքերը, որոնց առաջին եւ վերջին  պատասխանատուն   Երուսաղէմի Հայոց  Պատրիարքն  է:  Նուրհան  Սրբազանը  վերջին հանգրուանին  դարձաւ ճակատումներու  ասպետ եւ   հաւանաբար  առանց մտածելու  իր  ծանր  եւ միանգամայն անպատասխանատու   կեցուածքներու    հետեւանքներուն մասին շարունակեց  անյարգալից վերաբերմունք ունենալ ե՛ւ Սուրբ Էջմիածնի եւ իր միաբանակից  եղբայրներուն  հասցէին:

Ուշագրաւ է նաեւ,  որ այս այցը  տեղի  կ'ունենայ   Անթիլիասի   մէջ կայացուած  Միւռոնօրհնէքէն անմիջապէս  ետք, ուր Պատրիարքը ինչ-ինչ պատճառներով, ոչ միայն մերժած   էր  ներկայ գտնուիլ, այլ նաեւ մերժած էր  պատուիրակութիւն մը  առաքել  ի Պիքֆայա:

 

 Նուրհան Սրբազանին  գործողութիւններուն  մօտէն  հետեւողները լաւ  կը հասկնան անոր արարքներուն իմաստը:

Ու աւելորդ է   այստեղ  այդ մասին բացատրութիւններ տալ:

 Մէկ բան յստակ է, որ Նուրհան  Արքեպիսկոպոս հերթական  անգամ իր կեցուածքները կը փոխէ եւ    Սուրբ  Էջմիածնի դէմ  բացայայտ ոտնձգութիւններէ ետք  «յօժարակամ»  կերպով      Մայր Աթոռ կը հասնի  ու անձամբ կը մասնակցի    Միւռոնօրհնէքի  արարողութեանց:

 

Այստեղ   ի փառս մեր եկեղեցւոյ   միասնութեան եւ զօրեղ    էութեան պէտք է փակել փակագիծերը:

 

 Թէ ինչու եւ թէ ինչպէս  կը կատարուին  այս փոփոխութիւնները  այդ կը թողունք ժամանակին: Ժամանակը  բոլորին համար մեծագոյն դատաւորն է:

 

Միայն մէկ    տողով պէտք է  գրանցել, որ  Պատրիարքին կողմէ   գործուած անյարիր խօսքերուն  քննարկումը  մամլոյ ներկայացուցիչներուն  կողմէ, թող որ   անպատշաճ չհամարուի:

 

 Հայ եկեղեցականը, ուր ալ ըլլայ  ան, նախ եւ առաջ ինք է, որ իր շրջապատին  յարգանք եւ    պատկառելիութիւն կը  թելադրէ: Ոչ միայն կը թելադրէ այլ  կը պարտադրէ:

 

Այս  առումով նաեւ, յուսալի է, որ իրենց աւարտին կը հասնին   Տ. Նուրհան  Պատրիարքին «ասպատակում»ները:

 

  Վերջապէս հասկնալի է նաեւ    Ամենապատիւ Պատրիարք հօր լռութիւնը: Այսքան խուսանաւումներէ եւ անհարկի   սուրաճոճքէն  ետք  Տ. Նուրհան Պատրիարք կը նախընտրէ լռել:

Լռել ու չպատասխանել յատուկ իր համար Սուրբ Էջմիածին հասած  լրագրողներու հարցադրումներուն:

 

 Երեւի այդ հարցերուն պատասխաներն   ալ    պատմութեան արգանդին մէջ  են:

 

 Մէկ բան բացորոշ է, որ  Սուրբ Էջմիածնի դռները բաց են բոլորին առաջ:

 Ի փառս  Հայաստանեայց առաքելական  սուրբ եկեղեցւոյ  եւ  ի պանծացումն   ազգիս  հայոց:

 

 

 Սագօ Արեան