image

ԵՄ-ն հերթական անգամ խաբեց. Փութին առաջարկած է սահմանափակել հացահատիկի արտահանումը Եւրոպա

ԵՄ-ն հերթական անգամ խաբեց. Փութին առաջարկած է սահմանափակել հացահատիկի արտահանումը Եւրոպա

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն առաջարկած է մտածել Ուքրանիայէն հացահատիկի արտահանման ուղղութիւնները սահմանափակելու մասին եւ յայտնած է, որ այս հարցով անպայման պիտի խորհրդակցի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ:

«Անպայման այդ թեմայով պիտի խորհրդակցիմ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ։ Չէ՞ որ մենք մշակած ենք ուքրանական ցորենի դուրսբերման այդ մեխանիզմը, առաջին հերթին ամենաաղքատ երկիրներուն օգնելու համար, սակայն գործնականօրէ ի՞նչ կը կատարուի»,-ըսած է Փութինը Արեւելեան տնտեսական համաժողով-2022-ի լիագումար նիստի ժամանակ։

ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի համաձայն, որ կ'ենթադրէ օգնութիւն ամենակարիքաւոր երկիրներուն, միայն երկու նաւ բեռնուած է:

«Ընդգծեմ՝  87 նաւէն միայն երկուքը։ Եւ ատով 60 հազար թոն պարէն արտահանուած է 2 միլիոն թոնէն, այդ ընդամէնը 3 տոկոսն է, որ ուղղուած է դէպի զարգացող երկիրներ։ Եւրոմիութիւնը հերթական անգամ խաբեց եւ կը շարունակէ խաբել զարգացող երկիրները»,-աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը։

Աշխարհի մէջ պարէնամթերքի պակաս ունի արդէն 345 միլիոն մարդ՝ 2019 թուականի համեմատ 2,5 անգամ աւելի, յայտարարած է Փութին:

«Համաշխարհային շուկաներուն մէջ գիներու աճը կրնայ իսկական ողբերգութիւն դառնալ ամենաաղքատ երկիրներու մեծամասնութեան համար, որոնք կը բախին պարէնի, ուժանիւթի, կենսական կարեւորութեան այլ ապրանքներու պակասի հետ։ Նշեմ թիւեր, որոնք կ'ընդգծեն խնդրի վտանգաւորութիւնը․ եթէ 2019 թուականին, ՄԱԿ-ի տուեալներով, աշխարհի մէջ 135 միլիոն մարդ պարէնի սուր պակաս կը զգար, ապա հիմա անոնց թիւը 2,5 անգամ աճած է եւ կը կազմէ 345 միլիոն մարդ»,-ընդգծած է Փութին։

Նշենք, որ Արեւելեան տնտեսական համաժողովը պիտի կայանայ սեպտեմբեր 5-8-ը, Հեռաւոր Արեւելքի դաշնային համալսարանի՝ Վլատիվոսթոքի Ռուսսկի կղզիին վրայ գտնուող մասնաշէնքին մէջ։