Եւրոմիութիւնն ուժանիւթի համաձայնագիր կնքած է Ատրպէյճանի հետ կազի մատակարարումներու աւելացման վերաբերեալ`ուժանիւթային ճգնաժամի բարդ պայմաններուն: Այդ եղած է ոչ ի վնաս մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան հարցերու: Այս մասին յայտարարած է Եւրոմիութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը՝ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներու առջեւ մեկնաբանելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին սրացումը եւ ԵՄ արձագանգը այդ իրադարձութիւններուն:
«Ատրպէյճանը մեզի 8 միլիառ խորանարդ մեթր կազ կը մատակարարէ։ Այդպէս եղած է անցեալ տարի, եւ այս տարի այդ համաձայնագրի միջոցով մենք կրնանք այն աւելցնել մինչև 12 միլիառ խորանարդ մեթր։ Աւելացումը պիտի կազմէ 50 տոկոս»,- ըսած է Պորել։
Անոր խօսքով՝ Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը բարդ պայմաններու մէջ անձամբ մեկնած է Ատրպէյճան՝ քննարկելու այդ համաձայնագիրը։
«Ես կրնամ ձեզի հաւաստիացնել, որ այդ ուժանիւթային համաձայնագիրը չէ կնքուած ի վնաս մարդկային իրաւանց կամ ժողովրդավարութեան»,- նշած է ան: