Բրիտանացի երգիչ Էլթըն Ճոն յետաձգած է համերգները ԱՄՆ Տալլաս քաղաքին մէջ՝ «Քովիտ»ով վարակուելու պատճառով։
Արուեստագէտը ներողութիւն խնդրած է համերգի յետաձգման անհարմարութեան համար։ Երգիչը ըսած է, որ վարակը իր մօտ թեթեւ կ'ընթանայ, քանի որ պատուաստուած է։
Այժմ երաժիշտը 74 տարեկան է։ Անոր համերգային ծրագրին համաձայն, որ հրապարակուած է անձնական կայքէջին մէջ, Էլթըն Ճոն պէտք է ելոյթ ունենար Յունուար 25-ին եւ 26-ին Թեքասի American Airlines կեդրոնին մէջ։ Անոր յաջորդ համերգը Արքանզաս նահանգի Նորթ Լիթլ Ռոք քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Յունուար 29-ին: Այն ի սկզբանէ նախատեսուած էր 2020-ի Յուլիս 3-ին։