Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան յայտնած է, որ ինք եւ տիկինը՝ Էմինէ Էրտողան վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Այս մասին ան գրառում կատարած է Թուիթըրի իր էջով:
«Այսօր թեթեւ ախտանշաններու առկայութեան պատճառով իմ եւ կնոջս յանձնած «Քորոնա» ժահրի հետազօտութիւնը դրական արդիւնք տուած է»,- գրած է Էրտողան նշելով, որ վարակուած են ժահրի օմիքրոն տարբերակով եւ հիւանդութիւնը իրենց մօտ թեթեւ կ'ընթանայ:
Թուրքիոյ նախագահը տեղեկացուցած է նաեւ, որ տունէն կը շարունակէ աշխատանքը հեռավար կերպով: