image

«Եկեղեցի կառուցողները օրհնեալ են»․Էֆրիմ Պաղի բարերարութեամբ վերանորոգուած է Բազմաբերդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին

«Եկեղեցի կառուցողները օրհնեալ են»․Էֆրիմ Պաղի բարերարութեամբ վերանորոգուած է Բազմաբերդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին

Օրերս Արագածոտնի թեմին  պատկանող Ներքին Բազմաբերդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերանորոգուելէ ետք պաշտամունքի համար պիտի բանայ իր դռները։ Բարերարը այս կարեւոր առաքելութեան՝ պոլսահայ սիրուած բարերար Էֆրիմ Պաղն է։ 

Էֆրիմ  Պաղի անունը ծանօթ  եւ յարգուած անուն մըն է Պոլսոյ հայկական շրջանակներուն մէջ։

Ան երկար տարիներ ունեցած է  նուիրական ծառայութիւն  անդամ դառնալով Գում Գաբուի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հիմնարկի Վարչութեան։ Ան  նաեւ ստանձնած է Հիմնարկի Նախագահի պաշտօնը։

 Տարբեր առիթներով Էֆրիմ Պաղ արտայայտուած է Մայր հայրենիք՝ Հայաստանի  հանդէպ իր ունեցած մեծ սիրոյն ու պատհառանքին մասին յաճախ կրկնելով՝ «Ասիկա իմ Հայրենիքս է, գործս է, ընտանիքս է, ամէն ինչս է։ Օտար չեմ, նոյն լեզուն կը խօսինք։ Ինչպէս որ ծննդավայրս ու մեծցած վայրիս նպաստեցի, պէտք է նոյնպէս աջակցիմ Հայաստանի զարգացումին՝ զբօսաշրջութեան ու տնտեսութեան զարգացման մէջ ներդրում բերելով, ոսկերչական ճիւղը Հայաստան տեղափոխելով, ինչպէս Թուրքիոյ մէջ նպաստեցի զբօսաշրջութեան զարգացման»։

Էֆրիմ Պաղ շատերուն աշխատանք տուած է, գործատեղեր ստեղծած է։ Այդպիսով ալ իրականութիւն դարձնելով այն հին  չմարող երազը, որ առկայ է հայրենի  ափերէն հեռու ծնած իւրաքանչիւր հայորդիի համար։ 

Այս օրերուն Էֆրիմ Պաղի անունը դարձեալ շրջանառութեան մէջ  դրուեցաւ շնորհիւ շէնշող ու ոգի բերող  լուրի մը, որի հիմամբ վերահասու դարձանք, թէ մեր հայրենակիցի անմիջական աջակցութեամբ եւ նեցուկով  վերակառուցուած է եւ պաշտամունքի համար պիտի վերաբացուի ՝ Արագածոտնի թեմին  պատկանող ներքեւի Բազմաբերդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։

Մեր ունեցած տուեալներով եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները սկսած էին 2024-ին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութեամբ։

Այս եկեղեցին, որ հիմնուած էր 1990-ականներուն, սիրուած ու սրբավայր դարձած էր հաւատացեալներուն համար։ Տարբեր ժամանակներու ընթացքին հաւատացեալներու ջանքերով նորոգման աշխատանքներ տեղի ունեցած էին։

2024-ին սկսած լայնածաւալ վերակառուցումը՝ Էֆրիմ Պաղի բարեգործութեամբ, այսօր մօտաւորապէս աւարտին հասած է։ Շուտով եկեղեցին նորովի պիտի բանայ իր դռները հաւատացեալներուն։