image

Էջմիածնի մէջ ինքնաշարժի արկած. Մահացողը Մանուէլ Գրիգորեանի աներորդին է

Էջմիածնի մէջ ինքնաշարժի արկած. Մահացողը Մանուէլ Գրիգորեանի աներորդին է

Այսօր՝ 25 մարտին, մահուան ելքով վրաերթ տեղի ունեցած է Արմաւիրի մարզին մէջ։ Կէսգիշերն անց անյայտ մեքենայի վարորդը Էջմիածին-Մարգարա ճանապարհին վրայ վրաերթի ենթարկած է հետիոտն՝ Երեւանի բնակիչ, 58-ամեայ Աշոտ Ամիրեանը, կը տեղեկացնէ shamshyan.com–ը։

Վրաերթի ենթարկուածը տեղւոյն գրայ մահացած է, իսկ վարորդը դիմած է փախուստի։
 

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ հետախուզական եւ քննչական համատեղ գործողութիւններ՝ վրաերթ կատարած վարորդը եւ անոր մեքենան յայտնաբերելու ուղղութեամբ։

Կայքի տեղեկութիւններով՝ վրաերթի ենթարկուածը զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի կնոջ՝ Նազիկ Ամիրեանի հարազատ եղբայրն էր։

Նիւթն ամբողջութեամբ կարդացէք սկզբնաղբիւրէն։