Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին փետրուարին հրամայած է արտադրել մինչեւ 40 հազար հրթիռ՝ «Ռուսիա գաղտնի առաքման համար»։ Այս մասին յայտնած է The Washington Post-ը՝ վկայակոչելով ամերիկեան հետախուզութեան փաստաթուղթը, որ համացանցումի մէջ յայտնուած է փետրուար-մարտ ամիսներուն Discord chat յաւելուածի միջոցով։
Եգիպտոսի ղեկավարը, նշած է թերթը, պաշտօնեաներուն յանձնարարած է գաղտնի պահել հրթիռներու արտադրութիւնն ու մատակարարումը «Արեւմուտքի հետ խնդիրներէ խուսափելու համար»։
Ըստ փետրուար 1-ին տարածուած փաստաթուղթի՝ Եգիպտոսի նախագահը հրթիռներու արտադրութիւնը քննարկած է պաշտօնեայ Սալահ ալ-Տինի հետ (WP գրած է, որ խօսքը հաւանաբար ռազմական արտադրութեան նախարար Մոհամետ Սալահ ալ-Տինի մասին է)։ Նախագահը պաշտօնեային ըսած է, որ հրթիռներ պատրաստող գործարանի աշխատողներուն պէտք է ըսել, որ ատոնք Եգիպտոսի բանակի համար են։
Ի պատասխան, ինչպէս գրած է WP-ն, Սալահ ալ-Տինն ըսած է, որ «կը հրամայէ իր մարդոց աշխատիլ հերթափոխով, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, քանի որ այդ նուազագոյնն է, որ Եգիպտոսը կրնայ ընել Ռուսիոյ ցուցաբերած օգնութեան համար»: Թէ ինչ օգնութեան մասին է խօսքը, չի նշուիր։ Պաշտօնեայի խօսքով՝ «ռուսերը իրեն ըսած են, որ պատրաստ են գնելու ամէն ինչ»։
Փետրուար 17-ով թուագրուած փաստաթուղթի մէկ մասին մէջ նշուած է Ռուսիոյ հրետանային արկերու եւ վառօդի մատակարարման ծրագրերու մասին։ Պարզաբանուած է, որ վառօդը, որ պէտք է մատակարարուէր Ռուսիոյ Դաշնութեան, կ'արտադրուի թիւ 18 գործարանին մէջ, որ WP-ն անուանած է «երկար պատմութիւն ունեցող քիմիական ձեռնարկութիւն»։
Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Ահմետ Ապու Զէյտը, մեկնաբանելով փաստաթուղթը, վստահեցուցած է, որ «Եգիպտոսի դիրքորոշումը հիմնուած է Ուքրանիոյ ռազմական հակամարտութեան չմիջամտելու եւ երկու կողմերու հետ հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու պարտաւորութեան վրայ»։
Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան անանուն խօսնակն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն գիտեր, թէ արդեօք Եգիպտոսը իրագործած է իր մտադրութիւնները:
«Մենք այդ չենք տեսած»,-ըսած է պաշտօնեան։