image

Եգիպտոսը կը նախատեսէր Ռուսիոյ մատակարարել մինչեւ 40 000 հրթիռ. The Washington Post

Եգիպտոսը կը նախատեսէր Ռուսիոյ մատակարարել մինչեւ 40 000 հրթիռ. The Washington Post

Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին փետրուարին հրամայած է արտադրել մինչեւ 40 հազար հրթիռ՝ «Ռուսիա գաղտնի առաքման համար»։ Այս մասին յայտնած է The Washington Post-ը՝ վկայակոչելով ամերիկեան հետախուզութեան փաստաթուղթը, որ համացանցումի մէջ յայտնուած է փետրուար-մարտ ամիսներուն Discord chat յաւելուածի միջոցով։

Եգիպտոսի ղեկավարը, նշած է թերթը, պաշտօնեաներուն յանձնարարած է գաղտնի պահել հրթիռներու արտադրութիւնն ու մատակարարումը «Արեւմուտքի հետ խնդիրներէ խուսափելու համար»։

Ըստ փետրուար 1-ին տարածուած փաստաթուղթի՝ Եգիպտոսի նախագահը հրթիռներու արտադրութիւնը քննարկած է պաշտօնեայ Սալահ ալ-Տինի հետ (WP գրած է, որ խօսքը հաւանաբար ռազմական արտադրութեան նախարար Մոհամետ Սալահ ալ-Տինի մասին է)։ Նախագահը պաշտօնեային ըսած է, որ հրթիռներ պատրաստող գործարանի աշխատողներուն պէտք է ըսել, որ ատոնք Եգիպտոսի բանակի համար են։

Ի պատասխան, ինչպէս գրած է WP-ն, Սալահ ալ-Տինն ըսած է, որ «կը հրամայէ իր մարդոց աշխատիլ հերթափոխով, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, քանի որ այդ նուազագոյնն է, որ Եգիպտոսը կրնայ ընել Ռուսիոյ ցուցաբերած օգնութեան համար»: Թէ ինչ օգնութեան մասին է խօսքը, չի նշուիր։ Պաշտօնեայի խօսքով՝ «ռուսերը իրեն ըսած են, որ պատրաստ են գնելու ամէն ինչ»։

Փետրուար 17-ով թուագրուած փաստաթուղթի մէկ մասին մէջ նշուած է Ռուսիոյ հրետանային արկերու եւ վառօդի մատակարարման ծրագրերու մասին։ Պարզաբանուած է, որ վառօդը, որ պէտք է մատակարարուէր Ռուսիոյ Դաշնութեան, կ'արտադրուի թիւ 18 գործարանին մէջ, որ WP-ն անուանած է «երկար պատմութիւն ունեցող քիմիական ձեռնարկութիւն»։

Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Ահմետ Ապու Զէյտը, մեկնաբանելով փաստաթուղթը, վստահեցուցած է, որ «Եգիպտոսի դիրքորոշումը հիմնուած է Ուքրանիոյ ռազմական հակամարտութեան չմիջամտելու եւ երկու կողմերու հետ հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու պարտաւորութեան վրայ»։

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան անանուն խօսնակն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն գիտեր, թէ արդեօք Եգիպտոսը իրագործած է իր մտադրութիւնները:

«Մենք այդ չենք տեսած»,-ըսած է պաշտօնեան։