Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները նախազգուշացուցած են Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Ռաֆահ քաղաքին մէջ Իսրայէլի ծրագրած ռազմական գործողութեան լուրջ հետեւանքներու մասին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Երկրորդի եւ Ֆրանսայի ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոնի համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այդ քայլը կը սպառնայ տարածաշրջանային իրավիճակի սրմամբ։
«Մենք կը նախազգուշացնենք Իսրայէլի՝ Ռաֆահ ներխուժման վտանգաւոր հետեւանքներու մասին․ այնտեղ աւելի քան 1,5 միլիոն պաղեստինցի խաղաղ բնակիչներ ապաստան գտած են: Նման յարձակումը միայն պիտի յանգեցնէ շատ աւելի մահերու եւ տառապանքներու, պիտի մեծացնէ Կազայի հատուածի բնակչութեան զանգուածային բռնի տեղահանման վտանգներն ու հետեւանքները, ինչպէս նաեւ կը սպառնայ տարածաշրջանային մագլցմամբ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Սիսին, Ապտալլա Երկրորդը եւ Մաքրոնը մտահոգութիւն յայտնած են Կազայի հատուածի բնակչութեան պատուհասած սովի առնչութեամբ, ընդգծած են անյապաղ հրադադարի հասնելու եւ անկլաւին մատակարարուող մարդասիրական օգնութիւնը մեծցնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: