Հայաշունչ քաղաք հանդիսացող Մոնթրէալը հայութեան համար կարեւոր խարիսխ կը համարուի եւ այսօրուան կտրուածքով Սփիւռքի այդ հատուածին վրայ հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հայկական ոգիով ընտանիք կազմելը դարձած է օրինաչափութիւն։Ի վերջոյ փոքրիկն Արէնին հայեցի դաստիարակութիւն տալով Եղբայրեաններու ընտանիքը, հակառակ սփիւռքեան ջլատիչ պայմաններու պիտի շարունակէ դիավարել եւ ապրիլ հայկական շունչով։
Գանատայէն ուրախ լուր ստացանք։ Բնիկ Հալէպցի զոյգեր Տէր Եւ Տիկին Կարօ (Կարապետ) եւ Ծովակ (Ծնեալ՝ Կիւլէսէրեան)Եղբայրեաններ բախտաւորուած են առջինեկ զաւակով մը ՝Արէն։
Այս մասին իմացանք նորապսակներու ազգականներէն։
Նշենք, որ Հալէպի մէջ հասակ առած եւ ներկայիս ալ Գանատա ապրող երիտասարդները նախքան Գանատա հաստատուիլը գործած են տարբեր երկիրներու մէջ եւ իրենց մասնագիտական ասպարէզը կը շարունակեն Մոնթրէալի մէջ։
Հայաշունչ քաղաք հանդիսացող Մոնթրէալը հայութեան համար կարեւոր խարիսխ կը համարուի եւ այսօրուան կտրուածքով Սփիւռքի այդ հատուածին վրայ հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հայկական ոգիով ընտանիք կազմելը դարձած է օրինաչափութիւն։Ի վերջոյ փոքրիկն Արէնին հայեցի դաստիարակութիւն տալով Եղբայրեաններու ընտանիքը, հակառակ սփիւռքեան ջլատիչ պայմաններու պիտի շարունակէ դիավարել եւ ապրիլ հայկական շունչով։
Այս առթիւ մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք Եղբայրներու ընտանիքին եւ յատկապէս անոնց ազգականներէն, մեր թերթի բարեկամ Յովիկ (Յովհաննէս) Ժամկոչեանին։