Եւրոպայի ծանրամարտի ֆետերասիոնը (EWF) յայտարարութիւն տարածած է, ուր խստօրէն դատապարտած 2023 թուականի 14 ապրիլին, Երեւանի մէջ Եւրոպայի ծանրամարտի ախոյեանութեան բացման արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած միջադէպը, երբ անձը հրկիզած էր Ատրպէյճանի դրօշակը։
EWF-ն այս դէպքը համարած է յարձակում մարզաշխարհի արժէքներուն վրայ։
«EWF-ն անմիջապէս արձագանգած է այս միջադէպին` յայտնելով իր հաստատակամ դիրքորոշումը Կազմակերպող կոմիտէին եւ խնդրելով լրացուցիչ երաշխիքներ տրամադրել այս մրցոյթի բոլոր մասնակիցներուն համար:
EWF-ն տեւական եղած է Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հետ՝ իր լիակատար համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնելով մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ պաշտօնեաներուն։
Կը ցաւինք, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը ստիպուած եղած է լքել մրցոյթը, բայց միեւնոյն ժամանակ կը յարգենք այդ որոշումը։
EWF անուշադրութեան չի մատներ այս իրադարձութիւնը եւ կը քննարկէ կատարուածի պարունակին մէջ լրացուցիչ միջոցներու ձեռնարկելու հնարաւորութիւնը։ EWF-ի ղեկավարութիւնը պիտի մասնակցի այս ախոյեանութեան շրջածիրէն ներս կատարուած բոլոր միջոցառումներուն՝ մինչեւ պատուիրակութիւններու մեկնումը, որպէսզի խումբերու անվտանգութեան բոլոր պայմանները պահպանուին։
EWF-ը համերաշխ է Ատրպէյճանի ազգային հաւաքականի եւ Ատրպէյճանի ֆետերասիոնին հետ եւ հասանելի է ցանկացած ձեւի աջակցութեան համար, որ կը պահանջուի մարզական եւ արդար խաղի ոգիին համահունչ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։