image
Հրատապ լուրեր:

«Հըզպալլա» մէկ օրուան ընթացքին կատարած է 100 յարձակում Իսրայէլի դէմ

«Հըզպալլա» մէկ օրուան ընթացքին կատարած է 100 յարձակում Իսրայէլի դէմ

«Հըզպալլա»ի ջոկատները յայտարարած են գրեթէ հարիւր յարձակման մասին՝ մէկ օրուան ընթացքին իրականացուած զինուած գործողութիւններու մրցանշային թիւով՝ ընդդէմ իսրայէլացի զինուորներուն եւ հրեայ պետութեան ռազմական կառոյցներուն։ Այս մասին կը նշուի կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ։

«Անցեալ օրուան ընթացքին «Հըզպալլա»ի կողմանկիցները 96 անգամ յարձակած են իսրայէլացի զինուորականներու դիրքերուն եւ Իսրայէլի բանակի կառոյցներուն վրայ»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ատոնց կէսը իրականացուած է Լիբանանի տարածքին մէջ, իսկ ռազմական գործողութիւններու միւս կէսը ուղղուած եղած է Իսրայէլի տարածքին դէմ։ Ըստ կազմակերպութեան՝ «Հըզպալլա«ի յարձակումներու խորութիւնը հասած է մինչեւ 120 քիլոմեթր։