ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաու կոչ ըրած է Պաքուին եւ Երեւանին բարեխղճօրէն մասնակցելու բանակցութիւններուն` հասնելու համար բոլոր չլուծուած խնդիրներու համապարփակ կարգաւորման:
Ըստ Ռաուի` ԵԱՀԿ-ը կ'ակնկալէ յառաջընթաց հրատապ մարդասիրական հարցերու մէջ, ինչպիսիք են կալանաւորներու ազատ արձակումը, անյայտ կորսուաածներու մասին տեղեկատուութեան փոխանակումը, ականազերծումը եւ պատմամշակութային վայրերու պաշտպանութիւնը:
Կազմակերպութեան գործող ղեկավարը ընդգծած է ԵԱՀԿ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկի դերը` առաջարկելով ընդլայնել անոր մասնակցութիւնը առկայ խնդիրներու լուծման:
Ան նաեւ ողջունած է Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած դիւանագիտական նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ այս գործընթացը կրնայ նպաստել կայունութեան բարելաւման տարածաշրջանին մէջ: