image

Ձերբակալուած է «Տոկ» ծածկանունով յայտնի՝ Վարդան Ղուկասեանի քոյրը

Ձերբակալուած է «Տոկ» ծածկանունով յայտնի՝ Վարդան Ղուկասեանի քոյրը

Հակակոռուպցիոն (հակափտածութեան) կոմիտէի կողմէ քննուող քրէական վարոյթի ծիրէն ներս կալանաւորուած է «Հանրային ձայն» կուսակցութեան ղեկավար Վարդան Ղուկասեանի (Տոկ) քոյրը՝ Լուսինէ Ղուկասեանը: Այս մասին լրատուամիջոցներուն ըսած է ՀԿ մամուլի քարտուղար Մարինա Օհանջանեան։

Լուսինէ Ղուկասեանին մեղադրանք ներկայացուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 46-441-րդ յօդուածի 4-րդ մասով՝ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելուն դրդելը, որ առաջացուցած է խոշոր չափերու գոյքային վնաս։

Նոյն վարոյթի ծիրէն ներս մեղադրանք ներկայացուած է ՀԿԳ (յատկապէս կարեւորագոյն գործերու) աւագ գործառու լիազօր, ոստիկանութեան մայոր Յակոբ Անանեանին, որ նոյնպէս ձերբակալուած է ու կալանաւորուած։ Անոր մեղադրանք ներկայացուած է ՀՀ օրէնսգրքի 441-րդ յօդուածի 1-ին մասով ՝ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու համար։