image

Ձերբակալուած է ՀՀ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը

Ձերբակալուած է ՀՀ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը

Ձերբակալուած է Ազգային ժողովի նախկին նախագահ, նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը: Այս մասին յայտնած է հակակոռուպցիոն (հակափտածութեան) կոմիտէի մամուլի խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։

Աբրահամեանը կը մեղադրուի քանի մը դրուագով՝ փողերու լուացման, պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ ապօրինի ձեռնարկատիրութեան ապօրինի մասնակցելու համար:

Դեռ 2023-ին Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտնած էր, որ Յովիկ Աբրահամեանը 2006-2016-ի ընթացքին, ըլլալով պաշտօնեայ, վստահուած անձանց միջոցով մասնակցած է «Աւազահատիկ» ընկերութեան կառավարման՝ օրինականացնելով յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյք։

Մեղադրանքի համաձայն՝ Աբրահամեանը խոչընդոտած է ընկերութեան օրինական գործունէութիւնը եւ ապօրինի կերպով տիրացած է ատոր բաժնեմասին՝ իր եղբօր եւ այլ անձանց միջոցով։ Կը վկայակոչուի, որ ան ընկերութենէն ստացած է մօտ 230 միլիոն դրամ շահոյթ, որ միախառնած է այլ եկամուտներու հետ եւ օգտագործած տարբեր գոյքեր ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ դրամատնային գործարքներու միջոցով օրինական տեսք հաղորդելու համար։