image

Երուսաղէմ. Ցեղասպանութենէն ճողոպրած լուսանկարիչ Էլիա Քահվէճեանի անունով՝ հրապարակ

Երուսաղէմ. Ցեղասպանութենէն ճողոպրած լուսանկարիչ Էլիա Քահվէճեանի անունով՝ հրապարակ

Երուսաղէմի քաղաքապետութիւնը հրապարակ մը անուանակոչեց Հայոց Ցեղասպանութենէն ազատած լուսանկարիչ Էլիա Քահվէճեանի անունով։

Ուրֆա` հայ ընտանիքի մը ծոցին մէջ ծնած, Էլիան 1915ին տակաւին հինգ տարեկան էր, երբ ականատես եղաւ թրքական բանակին դէմ Ուրֆայի հայ բնակիչներուն ապստամբութեան, որ ծայր առած էր Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ ժողովուրդը թիրախ դարձնող կոտորածներու մասին տեղեկագրութենէն։

Երբ ապստամբութիւնը ճնշուեցաւ, փոքրիկ Էլիայի հայրը եւ եղբայրներէն մէկը սպաննուեցան, իսկ մնացեալ հայ բնակչութիւնը՝ ներառեալ կիները, մանուկները եւ ծերերը՝ հարկադրուեցան մահուան երթով քալելու դէպի սուրիական Տէր Զօր անապատը, որ ծանօթ է իբրեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան Աուշվիցը»։

Նախքան մահանալը,  մայրը զայն փրկեց՝ զայն վստահելով քիւրտ օտարականի մը, որ վերջապէս զայն վաճառեց դարբինի մը՝ երկու ոսկի դահեկանով։ Այնուհետեւ Էլիան յայտնուեցաւ փողոցները, ուր ուտելիք եւ ապաստան կ՛աղաչէր, մինչեւ որ 10 տարեկանին յայտնաբերուեցաւ, 10,000 այլ մանուկներու հետ, Մերձաւոր Արեւելքի մարդասիրական օգնութեան կազմակերպութեան մը կողմէ եւ ուղարկուեցաւ որբանոցներ Հալէպ, Նազարէթ եւ հուսկ՝ Երուսաղէմ, ուր պիտի սկսէր նոր կեանք մը եւ ամբողջ կեանքի ճանապարհորդութիւն մը լուսանկարչութեան մէջ՝ ողողուած յաջողութիւններով եւ միջազգային ճանաչումով։

Էլիայի ընտանիքէն առաւել քան 100 անդամներ՝ եղբայրներ ու քոյրեր, մօրեղբայրներ, հօրեղբայրներ, զարմիկներ ու ծնողներ՝ զոհուեցան 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, երբ օսմանեան կայսրութեան դահիճներու ձեռամբ 1,5 միլիոն հայերու կեանքերը խլուեցան։

Այսօր, անոր ժառանգութիւնը պահպանուած է անոր թոռան՝ Էլի Քահվէճեանի կողմէ, «Էլիա Ֆոթօ Սըրվիս» լուսանկարչական պատկերասրահին մէջ, որ կը գտնուի Երուսաղէմի հին քաղաքին մէջ։

Մինչդեռ, հակառակ երկար սպասուած յարգանքի տուրքին, Իսրայէլ տակաւին կը մերժէ պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

 

(Քաղուած 301ի թղթակից Գեղամ Պալեանի անգլերէն հաղորդագրութենէն)