Նիւ Եորքի մէջ զինուած տղամարդը մտած է Մանհաթընի երկնաքերերէն մէկը եւ կրակ բացած, որու հետեւանքով 4 մարդ զոհուած է։ Հրաձգութենէն ետք չարագործն ինքնասպան եղած է։ Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը։
Դէպքը տեղի ունեցած է տեղական ժամանակով յուլիս 28-ի երեկոյեան։ Զոհերէն մէկը ոստիկան է։
Նիւ Եորքի քաղաքապետը յայտնած է, որ եւս մէկ մարդ վիրաւորուած է եւ կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ։
Հրաձիգը Լաս Վեկասի 27-ամեայ բնակիչ էր, որ հոգեկան խնդիրներ ունէր։ Ան վերջին օրերուն մեքենայով գացած էր Նիւ Եորք։ Անոր գործողութիւններու շարժառիթը յայտնի չէ։
Երկնաքերին մէջ կը գտնուէին շարք մը ելեւմտական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ Ազգային ֆութպոլի լիկայի կեդրոնական գրասենեակը։