image

Ցմահ դատապարտեալ Մհեր Ենոքեանն ազատ արձակուած է

Ցմահ դատապարտեալ Մհեր Ենոքեանն ազատ արձակուած է

Ցմահ դատապարտեալ Մհեր Ենոքեանը 29 տարի անազատութեան մէջ գտնուելէ ետք պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակուած է։

Այս մասին «ՍիվիլՆեթ»ի հետ զրոյցին յայտնած է արդարադատութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Մարիամ Մելքումեանը։

Ենոքեանին մեղադրանք առաջադրուած էր դասընկեր՝ Իոսիֆ Աղաջանովը սպանելու համար։ Ան 1996-ին նոյեմբեր 29-ին դատապարտուած է մահապատիժի։

Ըստ դատավճիռի՝ յանցագործութիւնը Ենոքեանը կատարած է ընկերոջ՝ գիւղատնտեսական հիմնարկի ուսանող Արամ Յարութիւնեանի հետ, վերջինիս տան մէջ: 2003-ին, երբ մահապատիժը վերացաւ Հայաստանի մէջ, Մհեր Ենոքեանը դատապարտուեցաւ ցմահ ազատազրկման։