image

Սիւնիքի հնարաւոր կորուստը  սպառնալիք է մեր շահերուն.Իրանցի քաղաքական  գործիչ

Սիւնիքի հնարաւոր կորուստը  սպառնալիք է մեր շահերուն.Իրանցի քաղաքական  գործիչ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը յստակ է՝ Իրանը որեւէ պարագայի թոյլ չի տար տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի փոփոխութիւն, քանի որ ՀՀ Սիւնիքի մարզի հնարաւոր կորուստն ուղղակի սպառնալիք է Իրանի ազգային շահերուն. այս մասին, iribnews.ir-ի հաղորդմամբ, ըսած է Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Իպրահիմ Ռեզաին SNN հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին՝ մեկնաբանելով հայ-իրանական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ մտահոգութիւն յայտնած, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք» նախագիծի առնչութեամբ։

«Հայաստանը Իրանի ռազմավարական գործընկերն է։ Իրանը միշտ ունեցած է լաւագոյն յարաբերութիւններ Հայաստանի հետ՝ անկախ այնտեղ եղած իշխանութիւններէն։ Հայաստանն Իրանը Եւրոպային կապող դարպասն է: Եթէ այն, ինչ որոշ շրջանակներու մօտ կը շրջանառուի որպէս «Զանգեզուրի միջանցք», իրագործուի, ապա մենք կը կորսնցնենք հարեւան մը, եւ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքականութիւնը կը փոխուի, որ կը հակասէ մեր ազգային շահերուն: Մենք չենք հանդուրժեր մեր շահերուն սպառնացող որեւէ բան։ Անկախ պայմաններէն՝ պիտի պաշտպանենք մեր շահերը», -ըսած է քաղաքական գործիչը։

Ան ընդգծած է, որ Իրանն ու Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները միեւնոյն դիրքորոշումն ունին այս հարցով։

«Այս պահուն Հայաստանի մէջ իշխող կառավարութիւնը որոշ թուլութիւններ ունի, եւ մենք արդէն տեսեր ենք, որ անոնք բաւարար կարողութիւն չունին այդ տարածքը պաշտպանելու համար։ Հայաստանի դիրքորոշումն ու մեր դիրքորոշումը մինչ օրս նոյնն է եւ որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած։

Շատ երկիրներ, նոյնիսկ եւրոպական որոշ երկիրներ, ինչպիսիք են Ֆրանսան, որոնց հետ մենք այլ ոլորտներու մէջ հակասութիւններ ունինք, այս հարցով մեզի հետ նոյն դիրքորոշումն ունին։ Սակայն կայ որոշակի բարդութիւն՝ Ատրպէյճանին աջակցող գաղտնի հովանաւորներ կան։

Մենք սկզբունքօրէն կը կարծենք, որ այս տարածաշրջանի եւ Կովկասի խնդիրները պէտք է լուծեն տեղացիներն ու տարածաշրջանի երկիրները։ Այլ ուժերու միջամտութիւնը վերջին տարիներուն միայն ճգնաժամեր եւ խնդիրներ առաջացուցած է եւ խոչընդոտած է ատոնց լուծումը։ Եթէ խնդիրը մնայ Կովկասի երկիրներու ձեռքը, իմ կարծիքով՝ այն լուծելի է, եթէ ուրիշները չխթանեն եւ զէնք չմատակարարեն որոշ երկիրներու, եւ միջամտութիւն չըլաայ», - եզրափակած է Ռեզաին: